Շրջափակուած Արցախի մէջ կան Ռուսիոյ եւ այլ երկիրներու քաղաքացիներ
Շրջափակման պատճառով Արցախ մնացած Ռուսիոյ եւ այլ երկիրներու քաղաքացիներ Արցախէն դուրս բերուած են: Այս մասին «Արմէնփրես»-ը կը տեղեկանայ Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի «Թելեկրամ»-ի էջէն:
«Շրջափակման պատճառով Արցախ մնացած են Ռուսիոյ եւ այլ երկիրներու քաղաքացիներ: Ընտանիքները, ներառեալ երեխաներ ունեցողներ, արգելափակուած են աւելի քան մէկ ամիսէ ի վեր: Արցախի կառավարութիւնը Ռուսիոյ խաղաղապահներուն հետ համագործակցաբար շատոնց նախապատրաստած եւ այսօր կազմակերպած է անոնց մէկ մասին վերադարձը հայրենիք:
«Սակայն Արցախի 120 հազար քաղաքացիներու, ներառեալ 30 հազար երեխաներու համար անմարդկային շրջափակումը կը շարունակուի», գրած է Վարդանեան:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ