Որոնել

 Երուսաղէմի մէջ Պաղեստինցիներու բնակարանները քանդուած վիճակի մէջ Երուսաղէմի մէջ Պաղեստինցիներու բնակարանները քանդուած վիճակի մէջ 

Իսրայէլ Երուսաղէմի մէջ Պաղեստինցիներու բնակարաններ քանդեց

Ըստ իսրայէլեան լրատուամիջոցներուն, «իւրաքանչիւր տուն, որ ապօրինի կերպով եւ առանց նախապէս արտօնագիր ստացած ըլլալու կառուցուած է, պիտի քանդուի»:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ երէկ հաղորդեցին, որ իսրայէլեան պուլտոզըրներ երէկ առաւօտուն սկսած են բռնագրաւեալ Երուսաղէմի Ժապալ Մուքապեր շրջանին մէջ պաղեստինցիներու պատկանող տուներ քանդել` այն պատրուակով, որ ապօրինի կերպով կառուցուած են:

Ըստ իսրայէլեան լրատուամիջոցներուն, «իւրաքանչիւր տուն, որ ապօրինի կերպով եւ առանց նախապէս արտօնագիր ստացած ըլլալու կառուցուած է, պիտի քանդուի»:

Տեղական լրատուամիջոցներ նախապէս հաղորդած էին, որ իսրայէլեան պուլտոզըրները սկիզբը ձախողած են նշեալ վայր հասնիլ, որովհետեւ շրջանի բնակիչները ճամբուն վրայ ձէթ թափած են` փորձելով արգելք հանդիսանալ, որ Իսրայէլ բնակարանները քանդէ:

Իսրայէլեան իշխանութիւնները նախքան այդ Երուսաղէմի Թուր գիւղի իրենց բնակարանէն հեռացուցած էին Ալքամ ընտանիքը, որպէսզի պաղեստինցիներու դէմ հաւաքական պատժամիջոցներու ծիրին մէջ քանդեն անոնց տունը:

Նշենք, որ Իսրայէլի նախարարաց խորհուրդը շաբաթ օր որոշած էր փակել Երուսաղէմի Նաւէ Եաաքով բնակեցման վայրին մէջ կատարուած գործողութեան հեղինակ Խէյրի Ալքամի տունը: Ներքին գաղտնի սպասարկութիւնը` Շապաքն ու իսրայէլեան բանակը զօրակցած էին Իսրայէլի ներքին գործոց նախարար Իթամար պեն Ղաֆիրի` պաղեստինեան գործողութիւններու հեղինակներու բնակարանները փակելու որոշումին` հակառակ կառավարութեան իրաւաբանական խորհրդատուի ընդդիմութեան:

Ալքամ ուրբաթ գիշեր Երուսաղէմի հիւսիսին մէջ գործողութիւն մը կատարելով սպաննած էր 7 իսրայէլացիներ եւ երեք ուրիշներ վիրաւորած:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ երէկ հաղորդեցին, որ Քալքիլիայի արեւելքը գտնուող Քատոմիմ բնակեցման վայրին մօտ սպաննուած է պաղեստինցի երիտասարդ մը, որ իբրեւ թէ կը փորձէր գործողութիւն կատարել:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/01/2023, 08:26