Արամ Ա. Կաթողիկոսը կոչ ուղղեց Միջազգային Ընտանիքին փութով օժանդակելու Սուրիոյ ժողովուրդին
16 Փետրուարին, Արամ Ա. կաթողիկոսը երկրաշարժէն մեծ վնասներ կրած սուրիահայութեան հովուապետական զօրակցական այցելութիւն մը տալով՝ Հալէպէն կատարեց հետեւեալ կոչը.
«Ինծի համար միշտ յատուկ ուրախութիւն եղած է ըլլալ Սուրիոյ մէջ. այն երկրին, որ Ցեղասպանութենէն յետոյ ընդունեց ջարդէն ճողոպրած մեր ժողովուրդի զաւակները ու իր հայրենիքը եւ հացն ու ջուրը բաժնեց իրենց հետ: Աշխարհացրիւ մեր ժողովուրդի զաւակները երբեք չեն մոռնար Սուրիոյ ժողովուրդին ցուցաբերած սէրը, վստահութիւնն ու զօրակցութիւնը հայ ժողովուրդին նկատմամբ:
«Այսօր սակայն վշտաբեկ սրտով ու ցաւով կ՛այցելեմ Սուրիա եւ ականջալուր ու ականատես կ՛ըլլամ երկրաշարժին յառաջացուցած ահաւոր քանդումներուն ու մարդկային զոհերուն, ինչպէս նաեւ հարազատներ կորսնցուցած անհատներու եւ անտուն մնացած բազմաթիւ ընտանիքներուն: Փաստօրէն, ահաւոր ողբերգութեան մը դիմաց կը գտնուի այսօր Սուրիան: Երկրաշարժին ծանր հետեւանքները կրնան աւելի ծաւալիլ, եթէ կարելի փութով ազդու միջոցներու չդիմուի:
«Հետեւաբար, միջազգային համայնքը չի կրնար անտարբեր մնալ մարդկային այս ահաւոր ողբերգութեան նկատմամբ: Նման կացութեան դիմաց անհրաժեշտ է մէկդի դնել քաղաքական մօտեցումներ ու դիրքորոշումներ եւ որպէս մարդկային նոյն ընտանիքին պատկանող անձեր ու ազգեր անհրաժեշտ է իրարու օգնել: Ինչպէս Աստուածաշունչը կ՛ըսէ, երբ մարմնին մէկ անդամը ցաւի ամբողջ մարմինը կը ցաւի (Ա.Կր 12.26): Այսօր, միջազգային համայնքը եւ անոր պատկանող բոլոր ազգերն ու երկիրները կոչուած են օժանդակելու Սուրիոյ: Արդ, սա պահուն իմ ձայնս միացնելով Սուրիոյ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու հաւաքական ձայնին, կոչ կ՛ուղղեմ միջազգային համայնքին՝ վերջ տալու Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն եւ կարելի փութով օժանդակելու Սուրիոյ ժողովուրդի անհրաժեշտ կարիքներուն, որպէսզի արդէն տնտեսական տագնապի մատնուած սուրիացի ժողովուրդը կարենայ դուրս գալ իր ներկայ ահաւոր տագնապէն»:
ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ 60 ՀԱՅԵՐ ԱՆՕԹԵՒԱՆ ԿԸ ՄՆԱՆ
Հալէպի «Գանձասար» թերթի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան կը տեղեկացնէ, թէ երկրաշարժին պատճառով Սուրիոյ մէջ վիրաւորուած 10 հայերէն ութը արդէն դուրս ելած են հիւանդանոցներէն:
Պօղիկեան կը յայտնէ, թէ Բերիոյ Հայոց թեմի ազգային իշխանութիւնը անօթեւան մնացած մարդոց տրամադրած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահը, որ օժտուած է ամէն տեսակի յարմարութիւններով: «Ներկայիս Հալէպի մէջ ունինք անօթեւան մնացած 60 հայեր, որոնք չեն կրնար վերադառնալ իրենց բնակարանները: Թէ՛ Հալէպի մէջ, թէ՛ Լաթաքիոյ ունինք մեծաթիւ բնակարաններ, որոնք վնասուած են եւ վերանորոգման կարիք ունին:
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ