Որոնել

 Ռուբէն Վարդանեան Ռուբէն Վարդանեան  

Արցախի նախագահի հրամանագիրով Ռուբէն Վարդանեան ազատ կացուցուած է

Կառավարութեան նիստի ընթացքին նախագահ Յարութիւնեան հրապարակած է նաեւ Ռուբէն Վարդանեանը պետական նախարարի պաշտօնէն ազատ կացուցելու մասին հրամանագիրը:
Ունկնդրէ լուրը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ 23 փետրուարին տեղի ունեցած է կառավարութեան նիստ:

Ինչպէս «Արմէնփրես»-ը կը տեղեկանայ Արցախի նախագահի աշխատակազմի տարածած հաղորդագրութենէն, երկրի ղեկավարը ներկայացուցած է Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման հետեւանքով Հանրապետութեան մէջ ստեղծուած ռազմաքաղաքական եւ ընկերային-տնտեսական իրավիճակը, իշխանութիւններուն կողմէ ձեռնարկուող միջոցառումները` ծագող խնդիրները լուծելու ուղղութեամբ:

Կառավարութեան նիստի ընթացքին նախագահ Յարութիւնեան հրապարակած է նաեւ Ռուբէն Վարդանեանը պետական նախարարի պաշտօնէն ազատ կացուցելու  մասին հրամանագիրը: Ան բարձր գնահատած է Վարդանեանի ջանքերը թէ՛ Արցախի մասին միջազգային իրազեկուածութեան բարձրացման եւ թէ՛ շրջափակման ընթացքին ներքին բազմաթիւ հիմնախնդիրներու լուծման ուղղութեամբ:

«Այս Ամբողջ ընթացքին ես եւ Ռուբէն Վարդանեանը եղած ենք միասին` ամէնօրեայ դրութեամբ հետեւելով ինչպէս Արցախի մէջ, այնպէս ալ արտաքին աշխարհին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, զարգացումներուն, մշտապէս միտքեր  փոխանակած ենք ստեղծուած իրավիճակին մէջ լուծումներու շուրջ: Ես շնորհակալ եմ պարոն Վարդանեանէն այն բանի համար, որ ինչպէս ընկերական, այնպէս ալ գործընկերային յարաբերութիւններուն մէջ ան մշտապէս ձգտած է առաւելագոյն չափով ինծի հետ կիսել պատասխանատուութիւնը եւ ոչ թէ սահմանադրական կանոններուն յղում կատարելով` փորձել զայն  բարդել իմ վրաս: Բայց միւս կողմէ նա գիտակցումով եւ ըմբռնումով կը մօտենար նաեւ Արցախի մէջ ստեղծուած վիճակի ու հետագայ բոլոր խնդիրներուն համար իմ անձնական պատասխանատուութեանս ծաւալին ու չափին», ընդգծած է Յարութիւնեան:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/02/2023, 08:59