Միւնիխի մէջ Փաշինեան-Պլինքըն-Ալիեւ հանդիպում
Միւնիխի մէջ շաբաթ, 18 փետրուարին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը, որուն ներկայ էին նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրասիոյ հարցերով տեղակալ Քերըն Տանֆրիտը եւ Կովկասի մէջ բանակցութիւններու հարցով աւագ խորհրդական Լուի Լ. Պոնոն:
Պլինքըն հանդիպումէն առաջ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը վստահ է, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի իշխանութիւնները պատմական կարելիութիւն ունին հասնելու կայուն խաղաղութեան:
«Մենք կը կարծենք, որ Ազրպէյճանն ու Հայաստանը իսկապէս պատմական կարելիութիւն ունին հաստատելու կայուն խաղաղութիւն աւելի քան 30 տարուան տագնապէ ետք: Կողմերը դարձեալ կեդրոնացած են խաղաղ հոլովոյթին վրայ, ուղիղ բանակցութիւններու միջոցով, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան եւ մեզի հետ: Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են ընելու ամէն ինչ` աջակցելու այս ջանքերուն` ըլլայ այդ ուղղակի կերպով մեր ընկերներուն հետ, ըլլայ այդ նման եռակողմ ձեւաչափով, թէ միջազգային այլ գործընկերներու հետ», ըսած է Պլինքըն:
Ան չէ յստակացուցած, թէ միջազգային ո՛ր գործընկերներուն մասին է խօսքը:
Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծի շուրջ աշխատանքներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ շրջանային փոխադրամիջոցային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման ու երկու երկիրներուն միջեւ սահմանազատման իրականացման` համաձայն Փրակայի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութեան:
Փաշինեան վերահաստատած է հայկական կողմի մտադրութիւնը` հասնելու ստորագրութեան այնպիսի համաձայնագիրի մը, որ պիտի երաշխաւորէ շրջանին մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը:
Ան միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի ապօրինի շրջափակման եւ ատոր հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ յառաջացած մարդասիրական, բնապահպանական եւ ուժանիւթային ճգնաժամի փաստը: Ան կարեւոր նկատած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթի շարունակականութեան ապահովումը:
Ալիեւ Միւնիխի հանդիպումէն ետք ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է, որ հայկական կողմին պաշտօնապէս առաջարկած է հսկիչ անցագրային կէտեր տեղադրել Բերձորի եւ Հայաստանի միջեւ:
«Ես անգամ մը եւս ըսած եմ, որ շրջափակման մասին խօսք չի կրնար ըլլալ», ըսած է ան:
Ան յայտնած է, թէ Հայաստանը տակաւին չէ արձագանգած իր առաջարկին: Ալիեւ եռակողմ հանդիպումը «արդիւնաւէտ» որակած է:
«Շատ հարցեր քննարկուած են, ներառեալ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան հարցը, փաստաթուղթի ստորագրութեան պայմանները: Ի հարկէ, ես վերահաստատեցի իմ դիրքորոշումս: Գլխաւորը այն է, որ խաղաղութեան այդ համաձայնագիրը պէտք է կնքուի միջազգային օրէնքի սկզբունքներուն եւ արժեչափերուն հիման վրայ», ըսած է ան:
«Երեք օր առաջ մենք Հայաստանէն մեր առաջարկներուն վերաբերեալ նոր պատասխաններ ստացանք, մենք զանոնք վերջնական տեսքի կը բերենք, առաջին հայեացքով Հայաստանի դիրքորոշման մէջ յառաջընթաց կայ, սակայն ատիկա բաւարար չէ», ըսած է Ազրպէյճանի նախագահը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս մեկնաբանելով հանդիպումը նշեց. «Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Ճ. Պլինքըն այսօր (18 փետրուար) Միւնիխի մէջ հանդիպած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկկողմանի խաղաղ բանակցութիւնները զարգացնելու նպատակով: Ան ի գիտութիւն ընդունած է այն զգալի յառաջընթացը, որուն երկու կողմերը հասած են վերջին քանի մը ամսուան ընթացքին խաղաղութեան համաձայնագիրի ուղղութեամբ, եւ Եւրոպական Միութեան նախագահ Շարլ Միշելի առաջարկը` կողմերը Պրիւքսելի մէջ հիւրընկալելու: Քննարկման ընթացքին արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է Լաչինի միջանցքով ազատ եւ բաց առեւտրական եւ սեփական տարանցման անհրաժեշտութիւնը: Ան նաեւ կողմերուն կոչ ուղղած է այլ փոխադրամիջոցային ուղիներ բանալու»:
Միւնիխի Մէջ Ազրպէյճանցի Գաղթականներու Ալիեւի Դէմ
Պատժամիջոցներու Հաստատման Պահանջով Ցոյց
Գերմանիա բնակող ազրպէյճանցի գաղթականներ բողոքի ցոյց կատարած են Միւնիխի «Պայերիշըր Հոֆ» պանդոկին մօտ` պահանջելով պատժամիջոց կիրարկել Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի դէմ:
«Արմէնփրես»` վկայակոչելով ազրպէյճանական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ գործիչները պահանջած են ժողովրդավարութիւնը չզոհաբերել յանուն կազի ու քարիւղի, եւ պատժամիջոցներ կիրարկել Ալիեւի դէմ:
Ցուցարարները «Ալիեւ` բռնապետ», «Ազատութիւն քաղաքական բանտարկեալներուն» վանկարկումներով դիմաւորած են Ազրպէյճանի նախագահն ու անոր օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը, որոնք կը ժամանէին պանդոկ, ուր տեղի կ՛ունենար Միւնիխի անվտանգային խորհրդաժողովը:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ