Որոնել

2023.02.11 Raccolta fondi in Artsakh per i loro fratelli armeni terremotati della Siria

Արցախ դրամահաւաք կը կազմակերպէ Սուրիահայերու օժանդակութեան համար

«Արմէնփրէս»ը Արցախի Ազգային ժողովին հրապարակած հաղորդագրութենէն տեղեկացաւ, որ աջակցութեան չափը կազմեց 1 միլիոն 13 հազար դրամ:

Արցախի Հանրապետութեան  Ազգային ժողովի պատգամաւորները եւ աշխատակազմը օգնութիւն ցուցաբերեցին 6 Փետրուարի երկրաշարժին պատճառով տուժած սուրիահայ ընտանիքներուն:

«Արմէնփրէս»ը Արցախի Ազգային ժողովին հրապարակած հաղորդագրութենէն տեղեկացաւ, որ աջակցութեան չափը կազմեց 1 միլիոն 13 հազար դրամ:

Ասոր կողքին, Արցախի կառավարութիւնը սուրիահայութեան օժանդակելու նպատակով դրամահաւաք կազմակերպեց։ Այս գծով, Արցախի տեղեկատուական շտաբը հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. 

«Սիրիայի Հանրապետութիւնում Փետրուարի 6ին տեղի ունեցած երկրաշարժը պատճառ դարձաւ մարդկային կորուստների ու աւերածութիւնների, որոնցից զգալիօրէն տուժեց նաեւ տեղի հայ համայնքը: Աշխարհի տարբեր ծագերում ապրող մեր հայրենակիցների հայեացքն այժմ ուղղուած է երկրաշարժի հետեւանքով ծանր կացութեան մէջ յայտնուած Սիրիայի հայկական համայնքին:

«Չնայած շրջափակման ծանր պայմաններին` Արցախի կառավարութիւնը, համագործակցելով Հայ Օգնութեան Միութեան Արցախի մասնաճիւղի հետ, որոշում է կայացրել միանալ համահայկական օժանդակութեան աշխատանքներին` կազմակերպելով դրամահաւաք: Զօրակցութիւն յայտնելով Սիրիայում ապրող մեր քոյրերին ու եղբայրներին` կոչ ենք անում Արցախում ապրող քաղաքացիներին ակտիւօրէն (աշխուժօրէն) մասնակցել դրամահաւաքին եւ օգնութեան ձեռք մեկնել բնական աղէտից տուժած մեր հայրենակիցներին:

«Միայն մեր համազգային ամուր միասնականութեամբ ու միմեանց սատար կանգնելու անկեղծ ջանքերով է հնարաւոր յաղթահարել ինչպէս բնութեան արհաւիրքները, այնպէս էլ` արհեստածին մարտահրաւէրները»:

Կը նշուի, որ նուիրատուութիւնները Հայաստանի դրամով կարելի է կատարել «Արցախբանկ»ի մէջ բացուած հետեւեալ հաշիւի թիւով՝ 22300100156701:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/02/2023, 08:04