Կիլիկիոյ երկրաշարժի զոհերուն շարքին կան առնուազն 6 հայեր
Երկուշաբթի, 6 Փետրուարի կանուխ ժամերուն, հարաւային Թուրքիան եւ հիւսիսային Սուրիան ցնցած 7.8 ուժգնութեամբ երկրաշարժին եւ անոր յաջորդած շարք մը յետցնցումներուն (որոնցմէ մէկը 7.5 ուժգնութեամբ էր) կիզակէտը Այնթապի եւ Մարաշի մօտերն էր, իսկ Ատանան եւ Իսքենտերունը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ Լաթաքիա եւ Հալէպ նահանգները եւս ուժգնօրէն ցնցուեցան։
Տեղական աղբիւրներ կը յայտնեն, թէ զոհերու թիւը շատ հաւանաբար աւելնայ, մինչ փրկարար աշխատանքները կը շարունակուին։
Հալէպի «Գանձասար» թերթը կը տեղեկացնէ, թէ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած են առնուազն 1136 զոհեր, իսկ միայն Լաթաքիոյ մէջ զոհերուն թիւը 210 է։
Ըստ «Արմէնփրէս»ի տուեալներուն՝ երկրաշարժին պատճառով, Հալէպի մէջ արձանագրուած են առնուազն 4 հայ զոհեր: Միրնա Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի (ՍՕԽ) անդամ Միրնա Թենեքճեան եւ անոր զաւակը՝ Ալպերը, այդ զոհերէն երկուքն են։ Վիրաւորուած են նոյն ընտանիքին հայրն ու դուստրը:
Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի ռազմավարութիւններու մշակման բաժինի պետ Յովհաննէս Ալեքսանեան կը յայտնէ, թէ տեղւոյն հայկական կազմակերպութիւնները կը քննեն հայկական դպրոցներու, եկեղեցիներու եւ այդ հաստատութիւններու կրած վնասերը՝ աւելցնելով. «Թուրքիայի Իսքենդերունի Սուրբ Քառասուն Մանկանց եկեղեցին զգալիօրէն տուժել է»:Փրկարարներ փլատակներուն տակէն դուրս կը բերեն վիրաւորուած հայուհին եւ հայրը։
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը Երկուշաբթի օր հրապարակեց զեկոյց մը, որուն մէջ կան հետեւեալ շրջաններուն մասին տեղեկութիւններ.
ՄԱԼԱԹԻԱ.- Համայնքի ընտանիքներէն մէկուն բնակարանը փլած ըլլալով՝ մահ պատահած է. կեանքի կորուստ: Զոհուածները այր ու կին են: («Արմէնփրէս»ը աւելի ուշ հաստատեց, թէ զոհերն են՝ Սամի եւ Ակտա Թապաշներ)։
ԷԼԱԶԸՂ (ԽԱՐԲԵՐԴ).- Քաղաքին մէջ շէնքեր աւերուած են: Համայնքի անդամերը թէեւ վրդոված են, սակայն անձի կորուստ չկայ:
ՏԻԱՐՊԱՔԸՐ (ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏ).- Ըստ Յովհաննէս Կաֆֆուրէն ստացուած տեղեկութիւններուն՝ Ս. Կիրակոս հայկական եկեղեցին վնաս չէ կրած: Քաղաքին մէջ աւերուած են շէնքեր:
ԻՍՔԵՆՏԵՐՈՒՆ.- Ըստ Աւետիս քահանայէն ստացուած տեղեկութիւններուն՝ քաղաքի կեդրոնը աւերներ յառաջացած է: Լատին կաթոլիկ եկեղեցին հիմնայատակ կործանած է: Սրբոց Քառասուն Մանկունք եկեղեցին եւս վնաս կրած է: Անձի կորուստի մասին որեւէ տեղեկութիւն չկայ:
ՎԱԳԸՖ ԳԻՒՂ.- Մտահոգիչ պարագայ չկայ:
ՍՎԱՍ (ՍԵԲԱՍՏԻԱ).- Երկրաշարժը թէեւ զգալի դարձած է, սակայն համայնքի անդամները միայն վրդոված են: Անձի եւ ինչքի կորուստ չկայ:
ԿԵՍԱՐԻԱ.- Երկրաշարժը զգալի ըլլալով հանդերձ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին որեւէ վնաս չէ կրած:
Աղբիւրը՝ Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ