ՀՕՄ-ը 10 թոն պարենամթերք ուղարկած է Արցախ
Հայ օգնութեան միութիւնը (ՀՕՄ) Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեան անկախացումէն ի վեր իր աշխատանքները գլխաւորաբար կեդրոնացուցած է հայրենիքի հզօրացման եւ յատկապէս քաջարի Արցախի ժողովուրդի բարօրութեան համար:
Արցախի Հանրապետութիւնը աւելի քան յիսուն օր շրջափակման մէջ է, եւ 120.000 արցախահայերը գոյատեւման պայքար կը մղեն Արցախը կանգուն պահելու համար:
Խորապէս կը գիտակցինք, որ դժուարին այս օրերուն ճգնաժամը դիմագրաւելու համար Արցախը աւելի քան երբեք մեր միասնութեան եւ օգնութեան կարիքը ունի:
Կարեւոր այս հրամայականին հիման վրայ, ինչպէս նաեւ` հաւատարիմ մնալով «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» իմաստալից իր կարգախօսին, ՀՕՄ-ի Հայաստանի շրջանը շուրջ 10 թոն պարենամթերք յանձնած է Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան:
Մենք միշտ Արցախի կողքին ենք: Օրհասական այս օրերուն կոչ կ՛ուղղենք ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքին ու համայն հայութեան: Օգնութեան ձեռք մեկնելու քաջարի արցախահայութեան, որ հերոսաբար կառչած է պապենական մեր հողերուն եւ արթուն պահակն է արեան գնով ազատագրած իր հայրենիքին:
Արցախը մերն է եւ հայկական պիտի մնայ:
ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ