Որոնել

LEBANON WEATHER

Լիբանանցիները ահ ու սարսափի մատնուեցան Երկիրը ցնցող երկրաշարժին ու անոր յետցնցումներուն պատճառով

Երկուշաբթի, 6 փետրուար 2023-ին, առաւօտեան ժամը 3:20-ին, ամբողջ Լիբանանը` հարաւէն հիւսիս, ցնցուեցաւ Թուրքիա-Սուրիա սահմանամերձ շրջանը հարուածած եւ 7,8 ռիխթըր ուժգնութիւն ունեցող երկրաշարժին հետեւանքով:

Բազմաթիւ տագնապներու եւ փոթորիկներու ներքեւ կքած եւ իր ջիղերուն հակակշիռը հազիւ որոշ սահմանի մը հասցնող լիբանանցի քաղաքացիները իսկապէս ցնցուեցան եւ ահ ու սարսափի մատնուեցան, երբ կիրակիէն երկուշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցաւ երկրաշարժ մը` կեդրոն ունենալով Մարաշը:

Երկուշաբթի, 6 փետրուար 2023-ին, առաւօտեան ժամը 3:20-ին, ամբողջ Լիբանանը` հարաւէն հիւսիս, ցնցուեցաւ Թուրքիա-Սուրիա սահմանամերձ շրջանը հարուածած եւ 7,8 ռիխթըր ուժգնութիւն ունեցող երկրաշարժին հետեւանքով:

Լիբանանը ցնցած երկրաշարժին ուժգնութիւնը 4,7 ռիխթըր էր, եւ անիկա բաւարար էր` 40 երկվայրկեան շարունակ ցնցելու ամբողջ երկիրը` սարսափահար դարձնելով բնակիչները, որոնք մեծ մասամբ փութացին իրենց բնակարաններէն եւ շէնքերէն դուրս` ուղղուելով համեմատաբար աւելի բացօթեայ վայրեր` կառատուներ կամ մօտակայ թաղամասեր, ուր մնացին իրենց ինքնաշարժներուն մէջ, աւելի ապահով զգալու համար:

Քիչ անց քաղաքացիները զգացին նաեւ երկրաշարժին յետցնցումները` մատնուելով յաւելեալ իրարանցումի:

Լիբանանը ցնցած երկրաշարժը մարդկային ոչ մէկ վնաս արձանագրեց, իսկ նիւթական վնասները իրենց կարգին եղան անհատական:

Երէկ կէսօրուան ժամը 1:00-ին դարձեալ արձանագրուեցաւ երկրորդ ցնցում մը, որուն տեւողութիւնը համեմատաբար աւելի կարճ էր, սակայն նոյնքան վախազդու էր քաղաքացիներուն համար:

Այդ ցնցումը հետեւանք էր Թուրքիան հարուածած երկրորդ երկրաշարժի մը, որուն ուժգնութիւնը 7,5 ռիխթըր էր:

Գիտական հետազօտութիւններու խորհուրդը յայտարարեց, որ նման երկրաշարժներու հարուածը կարելի չէ նախատեսել` աւելցնելով, որ յառաջիկայ օրերուն ընթացքին այդ երկրաշարժին յետցնցումները կրնան արձանագրուիլ:

Լիբանանեան Կարմիր խաչի ընդհանուր քարտուղար Ժորժ Քըթթենէ, անդրադառնալով երկրաշարժին, հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ ոչ մէկ քաղաքացի տուժած է: Ան զգուշացուց հին կառոյցներ կամ խախուտ պատեր ունեցող բնակարաններէն ու շէնքերէն:

Խորհուրդը հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած բոլոր այն լուրերը, թէ յստակ ժամերու երկրաշարժը կրնայ կրկնուիլ կամ ծովաշարժ տեղի ունենալ:

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի նախքան կառավարութեան նիստին նախագահելը երէկ նախագահեց շտապ նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկրաշարժին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Միքաթի կենսոլորտի նախարարի պաշտօնակատար Նասեր Եասինին պարտականութիւն տուաւ կապուելու Թուրքիոյ հետ եւ առաջարկելու Լիբանանի օժանդակութիւնը, ինչպէս նաեւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէին պարտականութիւն տուաւ կապուելու սուրիացի իր պաշտօնակիցին հետ եւ անոր առաջարկելու Լիբանանի օժանդակութիւնը:

Աւելի ուշ նախարարները կատարեցին իրենց պարտականութիւնը, եւ Լիբանանի քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերէն, ինչպէս նաեւ բանակէն ջոկատներ ուղղուեցան Թուրքիա` մասնակցելու համար երկրաշարժի ենթարկուած շրջաններուն մէջ ընթացող փրկարար աշխատանքներուն:

Համիէ իր կարգին Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ ընդունեց սուրիացի իր պաշտօնակիցը, որ Ժընեւէն կը վերադառնար` ուղղուելու համար Սուրիա:

Համիէ լիբանանեան պետութեան պատրաստակամութիւնը յայտնեց` Դամասկոսին տրամադրելու իր օժանդակութիւնները:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ցաւակցագիրներ յղեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին:

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը ցաւակցութիւն յայտնեց Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ երկրաշարժին պատճառած զոհերուն` հաստատելով, որ Լիբանան պատրաստ է օժանդակութեան ձեռք երկարելու զոյգ երկիրներուն:

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի հաստատեց, որ հին կառոյցներու, խախուտ պատեր ունեցող բնակարաններու եւ շէնքերու մէջ ապրող քաղաքացիները պէտք է նախազգուշութիւններ առնեն եւ ի հարկին լքեն իրենց բնակարանները:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/02/2023, 08:24