Որոնել

Սուրիա Սուրիա 

Հայաստանի ղեկավարները եւ զոյգ կաթողիկոսները կը ցաւակցին երկրաշարժի զոհերուն

Երկուշաբթի, 6 Փետրուար ին, ամբողջ օրը, Արամ Ա. կաթողիկոսը Սուրիոյ հայ համայնքի հոգեւոր եւ աշխարհական պատասխանատուներուն հետ մնայուն կապի մէջ եղաւ՝ մօտէն հետեւելով երկրաշարժին յառաջացուցած վնասներուն եւ աւերներուն:
Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 6 Փետրուար 2023ի լուսաբացին, Սուրիոյ մէջ պատահած աւերիչ երկրաշարժին համար Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատրեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը ցաւակցութիւն յայտնեցին Սուրիոյ ժողովուրդին, շուտափոյթ ապաքինում մաղթեցին վիրաւորներուն եւ հարկ եղած օժանդակութեան համար պատրաստակամութիւն յայտնեցին:

Փաշինեան «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է հետեւեալը. «Վշտացած եմ Թուրքիայում եւ Սիրիայում աւերիչ երկրաշարժի առնչութեամբ, որն այդքան շատ մարդկային կեանքեր է խլել: Մեր խորին ցաւակցութիւնները զոհերի ընտանիքներին, իսկ վիրաւորներին մաղթում ենք շուտափոյթ ապաքինում: Հայաստանը պատրաստ է օգնութիւն տրամադրել»:

«Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Վահան Յունանեան յայտնեց, որ հայկական կողմը արդէն իսկ յայտարարեց աջակցութիւն տրամադրելու իր պատրաստակամութեան մասին, այժմ կը քննարկուին տուժած երկիրներուն մարդասիրական ու փրկարարական օգնութեան տրամադրումը:

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը ցաւակցագիր յղեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին: «Իր ցաւակցագրում նորին սրբութիւնը մխիթարութիւն ու սփոփանք է մաղթել անմեղ զոհերի վշտակիր հարազատներին եւ շուտափոյթ ապաքինում վիրաւորներին: Հայոց հայրապետը հայցել է, որ Բարձրեալն իր օրհնութեան ներքոյ պահի բարեկամ Սիրիային՝ պագեւելով խաղաղ ու ապահով օրեր», յայտնեցին Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն:

Երկուշաբթի, 6 Փետրուար ին, ամբողջ օրը, Արամ Ա. կաթողիկոսը Սուրիոյ հայ համայնքի հոգեւոր եւ աշխարհական պատասխանատուներուն հետ մնայուն կապի մէջ եղաւ՝ մօտէն հետեւելով երկրաշարժին յառաջացուցած վնասներուն եւ աւերներուն:

 – Ըստ ստացուած տեղեկութիւններուն՝ ցարդ ունինք չորս զոհեր. յատկապէս Հալէպի մէջ բաւական նիւթական վնասներ արձանագրուած են: Լաթաքիոյ եւ Քէսապի վնասները յարաբերաբար աւելի նուազ են:

 – Հալէպի մէջ Ազգային առաջնորդարանը եւ համայնքի ղեկավարութիւնը պատրաստած է եօթը յատուկ կեդրոններ, որպէսզի ժողովուրդը ապաստան գտնէ աւելի ապահով պայմաններու մէջ:

 – Մեր Ս. Աթոռին կողմէ, վեհափառ հայրապետը գումար մը յատկացուց Հալէպի հայութեան, յիշեալ կեդրոններուն մէջ ապաստան գտած մեր ժողովուրդի զաւակներուն ուտելիքի բաշխումի աշխատանքներուն համար:

 – Կաթողիկոսը յատուկ նամակ յղեց Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ տոքթ. Պաշշար Ասատին՝ իր ցաւակցութիւնը եւ զօրակցութիւնը յայտնելով Սուրիոյ ժողովուրդին:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/02/2023, 08:25