Փարիզի մէջ լարուած իրավիճակ
Փարիզի Քոնքորտի հրապարակին մէջ ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ կիրառած է կենսաթոշակային բարեփոխումներու դէմ բողոքի ցոյցերու ժամանակ։
Հինգշաբթի օր կենսաթոշակային բարեփոխումներու դէմ եղողները հաւաքուած էին Ֆրանսայի Ազգային ժողովի մօտ, ուր պէտք է տեղի ունենար օրէնքի նախագիծի քուէարկութիւնը, որ, ի վերջոյ, չկայացաւ վարչապետի որոշման պատճառով։
Աւելի ուշ ցուցարարները տեղափոխուած են Քոնքորտի հրապարակ, ուրկէ ոչ հեռու կը գտնուի Էլիզեան պալատը։
Ցոյցը խաղաղ անցած է, սակայն արդէն երեկոյեան ցուցարարները սկսած են պատնէշներ կառուցել, այնուհետեւ այրել զանոնք։ Բացի այդ, անոնք սկսած են քարեր ու շիշեր նետել ոստիկաններու ուղղութեամբ։ Ի պատասխան՝ ոստիկանները արցունքաբեր կազ կիրառած են:
Աղբիւրը` Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ