Արամ Ա․ Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպանի հետ հանդիպման ընթացքին ընդգծած է համայն հայութեան ջանքերուն ուղղորդման կարեւորութիւնը
Հովուապետական այցով Աթէնք գտնուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսը Մարտ 15-ին այցելած է Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւն՝ Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արքեպիսկոպոս Խաչերեանի, կաթողիկոսութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Մահսէրէճեանի, Ազգային վարչութեան ատենապետ Թագուոր Յովակիմեանի, Յունաստանի Հայոց թեմի Առաջնորդական փոխանորդ Տ. Յովհաննէս ծայրագոյն վարդապետ Սաղտըճեանի ուղեկցութեամբ:
ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Մկրտչեանի հետ հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ խօսած է Աթէնք իր այցին մասին՝ ընդգծելով դիւանագիտական ներկայացուցչութեան կարեւոր ներդրումը հայ-յունական աւանդական բարեկամական յարաբերութիւններու պահպանման եւ զարգացման հարցին մէջ:
Զրոյցին ընթացքին ՀՀ դեսպանը ներկայացուցած է Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ առկայ իրավիճակը, տարածաշրջանային վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Յունաստան աւանդական բարեկամական յարաբերութիւններու ներկայ վիճակը:
Վեհափառը ընդգծած է հայկական օրակարգի առաջմղման նպատակով համայն հայութեան ջանքերուն ուղղորդման կարեւորութիւնը:
Այս ծիրէն ներս քննարկուած են հայկական սփիւռքին առնչուող տարբեր թեմաներ:
Աղբիւրը` Եռագոյն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ