Միայն միասնականութեամբ ի զօրու պիտի ըլլանք մեր երկիրը առաջնորդելու դէպի յուսալի, խաղաղ ու ապահով կեանքի․ Գարեգին Բ․
Միայն միասնականութեամբ ի զօրու պիտի ըլլանք յաղթահարելու առկայ ճգնաժամը եւ փորձութիւններու մէջ տարուբերուող մեր երկիրը առաջնորդելու դէպի յուսալի, խաղաղ ու ապահով կեանքի հանգրուաններ։ Այս մասին նշուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ուղերձին մէջ, որ Մարտ 10-ին, Երեւանի մէջ իրականացուող «Ապագայ Հայկականը» նախաձեռնութեան առաջին համաժողովին ժամանակ ընթերցեց Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Նաթան Արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեան։
«Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն ողջոյն կը յղենք եւ հայրապետական մեր օրհնութիւնը կը բերենք «Ապագայ Հայկականը» նախաձեռնութեան հիմնադիրներուն եւ համաժողովի բոլոր մասնակիցներուն։ Դուք այսօր համախմբուած էք մեր ժողովուրդի ապագայի տեսլականով։ Գոհունակութիւն է մեզի համար, որ նուիրական այս նպատակին շուրջ միաւորուած են մեր ժողովուրդի զաւակները աշխարհի տարբեր երկիրներէ եւ պատրաստակամ են ջանքեր ներդնելու դիմակայելու ներկայիս մեր ազգին առջեւ յառնած մարտահրաւէրները։ 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը, մեր տարածաշրջանին եւ աշխարհի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները մեր հայրենիքը կանգնեցուցած են բարդ իրադրութեան առջեւ։ Մեր ժողովուրդը յայտնուած է գոյաբանական սպառնալիքներու վտանգին առջեւ։ Վճռորոշ այս իրավիճակին մէջ՝ ազգային ներուժի համախմբումը, համահայկական երկխօսութիւնը կարեւոր է եւ հրամայական։ Մեր միասնութեան մէջ է, որ պէտք է ի յայտ գայ մեր իմաստնութիւնն ու զօրութիւնը։ Մեր միասնականութեան մէջ պէտք է դրսեւորուի հայրենիքի ու ազգի շահը մեր անձնականէն վեր դասելու գիտակցութիւնը։ Համատեղ ջանքերով պէտք է հոգ տանինք մեր հայրենի երկրին, որ երաշխաւորն է մեր յարատեւութեան։ Այս հաւատով մեր ժողովուրդը հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ պէտք է եռնամուխ ըլլայ հայրենանպաստ եւ ազգօգուտ նախաձեռնութեամբ։ Նոյն նախանձախնդրութեամբ մեր եկեղեցականները կ՝իրականացնեն իրենց առաքելութիւնը։ Հայրապետական մեր գնահատականը բերելով բոլորիդ՝ կը մաղթենք, որ Բարձրեալը զօրավիգ ըլլայ ձեզի հայրենանուէր բոլոր գործերուն մէջ եւ օրհնէ բոլոր ջանքերը, որ նախանձախնդիր կերպով գործադրուին յանուն Հայաստանի եւ Արցախի խաղաղութեան եւ աշխարհասփիւռ հայութեան լուսաւոր գալիքին»,- նշուած է ուղերձին մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ