Որոնել

Russian Foreign Minister Sergey Lavrov meets with Armenia Foreign minister Ararat Mirzoyan

Լաւրով - Միրզոյեան հանդիպում. «Առաջնահերթ խնդիրներէն մէկը Լաչինի միջանցքի եւ ընդհանուր առմամբ Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած կացութիւնն Է»

«Մենք պատրաստ ենք շարունակելու գործադրել բոլոր ջանքերը` Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան խորացման եւ ամրապնդման համար» ըսաւ Միրզոյան:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ: Լաւրով հանդիպումի ընթացքին նշեց, որ Մոսկուայի համար անփոփոխ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն Հայաստանի հետ բարեկամական յարաբերութիւնները, եւ իր երկիրը պատրաստ է զարգացնելու տնտեսական եւ Հայաստանի հետ մարդասիրական կապերը:

Ան ընդգծեց Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներուն միջեւ շարունակուող աշխուժ քաղաքական երկխօսութիւնը:

«Ի հարկէ, մենք այսօր ուշադրութիւն պիտի յատկացնենք նաեւ շրջանային անվտանգութեան հարցերուն. առաջնահերթ խնդիրներէն մէկը Լաչինի միջանցքի եւ ընդհանուր առմամբ Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած կացութիւնն է: Մենք կասկած չունինք այն առնչութեամբ, որ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու եռակողմ յայտարարութիւնները կը մնան բանալին իրականացնելու այն բոլոր որոշումները, որոնք անհրաժեշտ են թէ՛ տնտեսական, թէ՛ ռազմաքաղաքական, թէ՛ միջազգային-իրաւական ոլորտներուն մէջ կացութեան կայունացման համար: Ինչպէս գրուած է եռակողմ յայտարարութիւններուն մէջ, պատրաստ ենք ամէն ձեւով աջակցելու փոխադրամիջոցային, հեռահաղորդակցային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման, հայ-ազրպէյճանական սահմանի սահմանազատման ու սահմանագծման, խաղաղութեան համաձայնագիրի շրջագիծերու շուրջ համաձայնութեան գոյացման», ըսաւ Լաւրով:

Միրզոյեան իր կարգին յայտնեց. «Մենք պատրաստ ենք շարունակելու գործադրել բոլոր ջանքերը` Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան խորացման եւ ամրապնդման համար»:

«Մենք կարելիութիւն պիտի ունենանք քննարկելու որակեալ քաղաքական երկխօսութիւնը, առեւտրատնտեսական կապերու աճը, յարաբերութիւններու խորացումը, քննարկելու բոլոր ոլորտներուն մէջ համագործակցութիւնը», ըսաւ Միրզոյեան:

Ան յայտարարեց, որ Ազրպէյճան կ՛ուզէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցեղային զտումներ կատարել: Ան ընդգծեց, որ Հարաւային Կովկասի մէջ կացութիւնը աւելի կը սրէ Ազրպէյճանի յարձակողական հռետորաբանութիւնը, որ կը դրսեւորուի բարձրագոյն մակարդակով եւ ազրպէյճանական կողմի շարունակուող զինուորական սադրանքներով ոչ միայն Լեռնային Ղարաբաղի, այլ նաեւ Հայաստանի գերիշխան տարածքին նկատմամբ:

«Լաչինի միջանցքին փակումով` Ազրպէյճանը կը խախտէ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու եռակողմ յայտարարութիւններով ստանձնած պարտաւորութիւնները: Լեռնային Ղարաբաղ ուժանիւթի մատակարարման խափանումները հարցականներ չեն ձգեր Պաքուի նպատակներուն մասին. խօսքը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցեղային զտումներ կատարելու մասին է», յայտարարեց Միրզոյեան:

Ան աւելցուց, որ այդ լոյսին տակ աւելի կ՛ընդգծուին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները գործադրելու հրամայականը եւ Բերձորի միջանցքի ապաշրջափակումը` խստօրէն պահպանելով 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան կէտերը: Միրզոյեան յիշատակեց նաեւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումը, որով Ազրպէյճան կը պարտաւորուի ապահովել մարդոց, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու ազատ տեղաշարժը Բերձորի միջանցքով:

«Ազրպէյճանական կողմը իր սադրանքներով կը թորփետահարէ շրջանին մէջ երկարաժամկէտ կայունութիւն հաստատելու ջանքերը: Այս ծիրին մէջ կ՛ուզեմ ընդգծել Հայաստանի դաշնակիցներուն եւ գործընկերներուն կողմէ գործօն քայլերու ձեռնարկումը, որպէսզի Ազրպէյճանը կատարէ իր պարտաւորութիւնները եւ դադրեցնէ ուժի գործադրման կամ ուժի սպառնալիքի կիրարկման գործողութիւնները», ըսաւ Միրզոյեան:

Լաւրով հանդիպումէն ետք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ կողմերը համակարծիք են այն հարցին մէջ, որ երկիրներու ղեկավարութիւններուն միջեւ ձեւաւորուած փոխըմբռնումը համագործակցութեան հետագայ յառաջընթացին համար նշանակալի գործօն է, ինչ որ կարելիութիւն կու տայ լուծելու յառաջացող որեւէ խնդիր:

«Մենք խօսած ենք նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ մտահոգութիւն յառաջացնող միտումներու մասին: Կը տեսնենք արեւմտեան երկիրներու` Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ վէճ ձգելու, եւ եկէք իրերը իրենց անուններով կոչենք` շրջանին մէջ անվտանգային ճարտարապետութիւնը խաթարելու անթաքոյց փորձերը` նոյն ժամանակ մտածելով եւ հոգ տանելով ոչ թէ այստեղ գտնուող երկիրներուն, այլ սեփական աշխարհաքաղաքական շահերուն մասին: Վստահ եմ` նման փորձերը դատապարտուած են ձախողութեան», ըսած է ան:

Լաւրով աւելցուցած է, որ Միրզոյեանի հետ մանրամասն քննարկած են Բերձորի միջանցքի եւ ընդհանուր առմամբ Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած կացութիւնը, վերահաստատած են բոլոր ուղղութիւններով բանակցային հոլովոյթի վերականգնման կարեւորութիւնը:

«Մենք կը պաշտպանենք այն դիրքորոշումը, որ ժամանակին յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը` ընդգծելով, որ Ղարաբաղի բնակիչներու անվտանգութեան երաշխիքները, անոնց անվտանգութեան երաշխիքները, անոնց իրաւունքներու ապահովումը պէտք է որոշեն Ղարաբաղի եւ Պաքուի ներկայացուցիչները: Մենք այս հարցին մէջ կը խրախուսենք կողմերը, եւ Հայաստանը ի հարկէ նոյնպէս շահագրգռուած է ատով», ըսաւ ան` նշելով, որ կարեւոր է հասկնալ, թէ որքա՛ն որակեալ պիտի ըլլան կողմերուն միջեւ այդ համաձայնութիւնները:

Իբրեւ օրինակ` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը նշեց մինսքեան համաձայնագիրները, որոնց մէջ կ՛ըսուէր, որ Ուքրանիոյ արեւելեան շրջանի բնակիչները պէտք է իրենց մայրենի լեզուի, երեխաները մայրենի լեզուով ուսուցանելու, այդ լեզուի կիրարկումով ապրելու եւ աշխատելու, իրենց մշակոյթը, կրօնը պահպանելու, տեղական ինքնակառավարման կարելիութիւն եւ իրենց հայրենակիցներուն հետ որոշ տնտեսական, առեւտրական յարաբերութիւններ ունենալու իրաւունքներով օժտուած ըլլան:

«Կը կարծեմ, որ մօտաւորապէս նոյն իրաւունքներու թղթածրարը անհրաժեշտ պիտի ըլլայ ղարաբաղցիներուն», ըսաւ Լաւրով` նշելով, որ ամէն ինչ կախեալ է անկէ, թէ որքանո՛վ արժանավայել կեանքի պիտի կոչուին համաձայնութիւնները:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/03/2023, 08:00