Որոնել

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան նշանաբանը Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան նշանաբանը 

Ստեփանակերտը պատրաստ է հանդիպման, բայց` ո՛չ Պաքուի մէջ եւ ո՛չ ալ Ազրպէյճանի օրակարգով

Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ պնդած է, թէ օրակարգին մէջ պէտք է ըլլան մարդասիրական, ենթակառուցուածքային, թեքնիք հարցեր` «առանց անոնց անհարկի քաղաքականացման»:

Պաշտօնական Ստեփանակերտը կը յայտարարէ, թէ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումները կրնան տեղի ունենալ ռուս խաղաղապահներու միջնորդութեամբ եւ այնտեղ, ուր նախորդ հանդիպումը կատարուած էր: 1 մարտին կողմերը հանդիպած էին Իւանեանի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահ զօրակազմի կեդրոնին մէջ:

Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ պնդած է, թէ օրակարգին մէջ պէտք է ըլլան մարդասիրական, ենթակառուցուածքային, թեքնիք հարցեր` «առանց անոնց անհարկի քաղաքականացման»:

Ազրպէյճանի իշխանութիւնները, մինչդեռ, նախանցեալ օր աւելի կանուխ Արցախի ներկայացուցիչները հրաւիրած էին Պաքու` «վերահամարկումին շուրջ հերթական քննարկման»:

Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է, թէ տագնապի համապարփակ կարգաւորման ուղղուած բանակցութիւնները պէտք է տեղի ունենան միջազգայնօրէն ճանչցուած եւ հաստատուած ձեւաչափով` «կողմերու հաւասար իրաւունքներու եւ ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման միջազգային երաշխիքներու առկայութեան պայմաններուն մէջ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/03/2023, 08:54