ԵՈՒՆԻՍԵՖ. Թուրքիոյ մէջ աւելի քան 2,5 միլիոն երեխաներ կարիքը ունին մարդասիրական շտապ օգնութեան
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Թուրքիոյ մէջ անցեալ 6 փետրուարին, ահաւոր երկրաշարժի հետեւանքով աւելի քան 2,5 միլիոն մանուկներ կարիքը ունին մարդասիրական շտապ օգնութեան։ Այս մասին յայտարարած է ԵՈՒՆԻՍԵՖի ընդհանուր տնօրէն, Քաթերին Ռասէլ, որ երկօրեայ այցելութեամբ ժամանած է երկրաշարժէն թիրախ Թուրքիոյ հարաւ եւ Սուրիոյ հիւսիսային շրաջնները։
ԵՈՒՆԻՍԵՖի ընդհանուր տնօրէնին համաձայն, ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամը, , մինչեւ այսօր օգնութեան հասած է աւելի քան 277,000 անձերուն, որոնց շարքին 163000 մանուկներ տրամադրելով անոնց կեանք փրկող պարագաներ, ինչպէս նաեւvհոգեբանական շտապ օգնութեան գործունէութիւններ երկրաշարժէն տուժած քաղաքներէն ներս։
ԵՈՒՆԻՍԵՖի ընդհանուր տնօրէնին համաձայն, հրամայական է ընկերային ծառայութիւնները երկրաշարժէն տուժած մանուկներու ի սպաս։
«Երկրաշարժը աղէտալի փոփոխութիւններ ստեղծեց մանուկներու համար, ըսաւ ԵՈՒՆԻՍԵՖի ընդհանուր տնօրէնը աւելցնելով, որ համագործակցելով Թուրքիոյ պետութեան հետ, ԵՈՒՆԻՍԵՖը հոգեբանական զօրակցութիւն տրամադրած է մանուկներուն, պատրաստելով ուսուցման համար ժամանակաւոր տարածքներ եւ ընկերանալով ընտանիքէ զուրկ մանուկները անոնց հոգ տանող տանող ընտանիքներուն։
Մեծ երկրաշարժէն ետք յետ ցնցումներուն պատճառով միլիոններով մանուկները վախի մէջ ու ծանր վիճակի մէջ կը գտնուին ու անոնք անմիջական կարիքը ունին, ոչ միայն նիւթական զօրակցութեան, այլեւ հոգեբանական, ըսաւ Տիկին Ռասէլ յայտնելով որ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը ամէն ջանք կը թափէ, որպէսզի մանուկները կարենան դպրոց վերադառնալ ինչպէս նաեւ կը վերանորոգուին վնասուած դպրոցները։
Նշենք, թէ Թուրքիոյ մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖը 196 միլիոն պահանջած է օգնելու համար աւելի քան 3 միլիոն անձերուն, որոնց շարքին 1,5 միլիոն մանուկներ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ