Որոնել

Ուաշինկթընի գերագոյն դատարանը Ուաշինկթընի գերագոյն դատարանը 

Ուաշինկթըն մտահոգութիւն կը յայտնէ Ազրպէյճանի զինուորներու տեղաշարժերուն նկատմամբ

Քերըն Տանֆրիտ այսօր առաւօտեան զրուցած է (Ազրպէյճանի) արտաքին գործոց նախարար Պայրամովի հետ եւ մտահոգութիւն յայտնած ազրպէյճանական զինուորական տեղաշարժերուն նկատմամբ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան փոխբանբեր Վետանթ Փաթել մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի շուրջ ստեղծուած կացութեան:

«Այսպիսով, արտաքին գործոց նախարարի օգնական Քերըն Տանֆրիտ այսօր առաւօտեան զրուցած է (Ազրպէյճանի) արտաքին գործոց նախարար Պայրամովի հետ եւ մտահոգութիւն յայտնած ազրպէյճանական զինուորական տեղաշարժերուն նկատմամբ:

«Ան ընդգծած է Միացեալ Նահանգներու հաւատարմութիւնը Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղ բանակցութիւններուն: Ինչպէս որ արտաքին գործոց նախարարը բազմիցս ըսած է, ուղղակի երկխօսութիւնը առանցքային է այս խնդիրի լուծման եւ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար: Այս տագնապը զինուորական լուծում չունի:

«Մենք պիտի շարունակենք նպաստել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններուն թէ՛ երկկողմանի ձեւաչափին մէջ, թէ՛ ալ գործընկերներու հետ եւ բազմակողմ կազմակերպութիւններու միջոցով», ըսած է Փաթել:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/03/2023, 08:15