Լիբանանի Խորհրդարանի Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Պատուիրակութիւնը այցելեցին Բերիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդին
Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպման քննարկուեցան Լիբանանի, Սուրիոյ եւ տարածաշրջանի քաղաքական, տնտեսական կեանքին առնչուող հարցեր
Կիրակի, 16 Ապրիլի միջօրէին Բերիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տէր Պետրոս Սրբ. Արք. Միրիաթիանին այցելեցին Լիբանանի խորհրդարանի հայկական երեսփոխանական պլոկի նախագահ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդր. Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի ազգայիններ՝ Վրէժ Եագուպեան եւ Յարութ Հայրապետեան։
Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպման քննարկուեցան Լիբանանի, Սուրիոյ եւ տարածաշրջանի քաղաքական, տնտեսական կեանքին առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ զոյգ երկիրներու հայ համայնքներուն դիմագրաւած դժուարութիւններն ու անոնց յաղթահարման միջոցները։
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
18/04/2023, 07:41