Արցախէն տեղահանուածներուն նիւթական աջակցութիւն
Միջազգային զարգացման համագործակցութեան սպանական գործակալութիւնը (AECID) 100 հազար եւրո կը յատկացնէ՝ 2020 թուականին Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով տեղահանուած հազարաւոր մարդոց աջակցելու, կենսապայմանները բարելաւելու համար:
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին կը տեղեկացնէ COPE ռատիոկայանը:
Նշուած է, որ Միջազգային զարգացման համագործակցութեան սպանական գործակալութիւնը (AECID) համաձայնած է 100 հազար եւրոյի չափով ներդրում կատարել, աջակցիլ «Գործողութիւն սովի դէմ» ՀԿ-ին՝ օգնելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետեւանքով տեղահանուած բնակչութեան Սիւնիքի մէջ:
Նպատակն է՝ առաջիկայ երեք ամիսներու ընթացքին նիւթապէս, նաեւ՝ հոգեսոցիալական ուշադրութեամբ աջակցիլ մօտ 250 տեղահանուած ընտանիքներու:
Գործակալութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ ընդհանուր առմամբ կան մօտ 1000 խիստ խոցելի տեղահանուածներ, որոնք նիւթական աջակցութիւն պիտի ստանան՝ հոգալու համար իրենց հրատապ լուծում պահանջող կարիքները:
Ծրագիրը կը կեդրոնանայ յատկապէս յղի եւ կերակրող կանանց, բազմազաւակ ընտանիքներու, ինչպէս նաեւ Գորիսի 13 սահմանամերձ համայնքներու մէջ բնակող հաշմանդամութիւն ունեցող անձանց վրայ:
Բացի այդ, ծրագրի շրջածիրէն ներս աջակցութիւն պիտի ցուցաբերուի 100 տեղահանուածներու, որոնք կարիք ունին հոգեսոցիալական եւ հոգեկան առողջութեան աջակցութեան՝ Գորիսի մէջ գործող «Գործընկերութիւն եւ ուսուցում» ՀԿ-ի միջոցով:
Աղբիւրը՝ Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ