Որոնել

>>>ANSA/ GRECIA, MITSOTAKIS FISSA LE NUOVE ELEZIONI PER IL 25 GIUGNO

Յունաստանի Վարչապետի կուսակցութիւնը յաղթած է ընտրութիւններուն, սակայն Խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն չէ ապահոված

Ընտրութիւններուն մէջ անոր մրցակից Ալեքսիս Ցիփրասի «Սիրիզա» կուսակցութիւնը ապահոված է քուէներուն 20 առ հարիւրը:

Յունաստանի գործող վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի «Նոր ժողովրդավարութիւն» կուսակցութիւնը յաղթած է համազգային ընտրութիւններուն մէջ` ապահովելով քուէներուն 41 առ հարիւրը: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ն:

Միցոթաքիսի կուսակցութեան ընդամէնը 5 աթոռ կը պակսի խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն կազմելու համար: Գրեթէ բոլոր քուէներու հաշուարկին հիմամբ` «Նոր ժողովրդավարութիւն» կուսակցութիւնը խորհրդարանին մէջ պիտի ունենայ 146 աթոռ, իսկ մեծամասնութիւն կազմելու համար պէտք է 151 աթոռ:

Ընտրութիւններուն մէջ անոր մրցակից Ալեքսիս Ցիփրասի «Սիրիզա» կուսակցութիւնը ապահոված է քուէներուն 20 առ հարիւրը:

Յունաստանի նախագահ Քաթերինա Սաքելլարոփուլու վարչապետ Միցոթաքիսին կարելիութիւն պիտի տայ համախոհական կառավարութիւն կազմելու: «Էսոշիէյթըտ Փրես» կը հաղորդէ, որ Միցոթաքիս երեք օր պիտի ունենայ համախոհական կառավարութիւն կազմելու համար: Եթէ ատիկա տեղի չունենայ, ապա յունիսի վերջաւորութեան կամ յուլիսի սկիզբը կրնայ ընտրութիւններու երկրորդ փուլ տեղի ունենալ:

Խորհրդարանական ընտրութիւններուն 11,5 առ հարիւր քուէներու համեմատութեամբ երրորդ դիրքը գրաւած է ընկերվարական Փասոք կուսակցութիւնը: «Պի.Պի.Սի.» հաւանական կը նկատէ, որ Միցոթաքիս փորձէ դաշնակցիլ Փասոքի հետ:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2023, 08:38