Էրտողան 2-րդ փուլով 3-րդ անգամ՝ Թուրքիոյ նախագահ
Թուրքիոյ մէջ նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլի քուէարկութեան արդիւնքներով նախագահ ընտրուած է գործող նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը։
Թրքական OdaTV–ի հաղորդմամբ՝ երկրորդ փուլի ընտրութիւններու աւարտին քուէարկութենէն ետք բացուած քուէատուփերու 99 տոկոսի արդիւնքներով Էրտողան հաւաքած է 52 տոկոս, ընդդիմադիր Քըլըչտարօղլուն՝ 47 տոկոս։
Նշենք, որ սա ընտրութիւններու երկրորդ փուլն էր, քանի որ առաջին փուլին՝ մայիս 14–ին ոչ մէկ թեկնածու հաւաքած է 50 տոկոսէն աւելին։ Էրտողանը՝ 49, Քըլըչտարօղլուն՝ 45, Օղանը՝ 5 տոկոս։
Աղբիւրը՝ Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
29/05/2023, 07:27