Որոնել

2023.05.31 Freedom House

Freedom House-ի զուգահեռները Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի գործողութիւններուն միջեւ

Իրաւապաշտպան կազմակերպութեան համաձայն, 2020ին Ատրպէյճանի զինուորական ուժերը գրաւեցին Արցախի որոշ շրջաններ, որոնք տեղւոյն հայկական ուժերու վերահսկողութեան տակ էին 1994էն ի վեր, երբ հայկական ուժերը պարտութեան մատնած էին ատրպեճանական զօրքերը, աւելցնելով․ «2020ի յաղթանակէն ետք, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վարչակարգը շարունակեց ռազմական ճամբով կեանքի կոչել իր հողային նկրտումները։
Ունկնդրէ լուրը

«Կովկասի մէջ ուքրանական բեմագրութիւն կը ծաւալի, սակայն նուազ ուշադրութեան կ՛արժանանայ», կը գրէ Freedom House հեղինակաւոր իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը իր տարեկան՝ Nations in Transit 2023 զեկոյցին մէջ, կը հաղորդէ «Ամերիկայի Ձայն»ը։

«Ռուսական ներխուժումը Ուքրանիա ամբողջ աշխարհի համար ահազանգ էր գոյութենական սպառնալիքներու մասին, երբ մենատիրութիւն մը կը հակադրուի ժողովրդավարական ուղի բռնած դրացի երկրին։ Նմանատիպ բեմագրութիւն կը ծաւալի Կովկասի մէջ, որ սակայն շատ աւելի նուազ ուշադրութեան կ՛արժանանայ», կը նշուի  Freedom House-ի  զեկոյցին «Պատերազմը կը խորացնէ շրջանային պառակտումը» բաժինին մէջ։

Իրաւապաշտպան կազմակերպութեան համաձայն, 2020ին Ատրպէյճանի զինուորական ուժերը գրաւեցին Արցախի որոշ շրջաններ, որոնք տեղւոյն հայկական ուժերու վերահսկողութեան տակ էին 1994էն ի վեր, երբ հայկական ուժերը պարտութեան մատնած էին ատրպեճանական զօրքերը, աւելցնելով․ «2020ի յաղթանակէն ետք, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վարչակարգը շարունակեց ռազմական ճամբով կեանքի կոչել իր հողային նկրտումները։ 2022ին ան լայնածաւալ ներխուժում կատարեց նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւն, իսկ 2023ի սկիզբը (պէտք է ըլլայ Դեկտեմբեր 2022) աւելի մեկուսացուց Արցախի հայերուն՝ «բնապահպանական բողոքի ցոյցերու» պատրուակով արգելափակելով Արցախի Հայաստանի կապող միակ ուղին»։

Զեկոյցը զուգահեռներ կը գծէ Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ գործողութիւններուն եւ Արցախի ու Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի ձեռնարկած քայլերուն միջեւ եւ կ՛եզրակացնէ. «2014ին եւ 2022ին Մոսկուայի կողմէ ուքրանական հողերու բռնագրաւումը յանգեցուց տեղւոյն բնակչութեան իրաւունքներու եւ ֆիզիկական ապահովութեան կորուստին։ Կան բազմաթիւ ցուցանիշներ, որոնք կը հաստատեն, թէ Պաքուի քայլերը նոյն ազդեցութիւնը կ՛ունենան Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի բնակչութեան ազատութեան եւ ապահովութեան վրայ»։

Freedom House-ը կոչ կ՛ընէ ժողովրդավարական պետութիւններուն՝ չանտեսելու այս վտանգը։ «Անոնք պէտք է ձեռնարկեն հնարաւոր ամէն քայլ՝ ամրապնդելու Հայաստանի ժողովրդավարութիւնը եւ ապահովելու պաշտպանութիւնը բոլոր անոնց, որոնք կ՛ապրին Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ», կը նշուի զեկոյցին մէջ։

Զեկոյցը կը մատնանշէ, որ հակառակ այն իրողութեան, որ Հայաստան տակաւին չէ դիմած Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան, անիկա 2022ին շարունակած է յաջողութիւններ արձանագրել ժողովրդավարական բարեփոխումներու ուղղութեամբ՝ դառնալով Nations in Transit 2023 զեկոյցին մէջ յիշատակուած միակ երկիրը, որ ունի բարելաւուած մէկէ աւելի ցուցանիշ։

Սակայն, Freedom House կը գրէ, որ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունի իրավիճակի վատթարացման հաւանականութիւնը, որուն մասին կը վկայեն անցեալ տարուան Օգոստոսին տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններէն առաջ ընդդիմադիր թեկնածուներու ձերբակալութիւնները։ «Կախուածութիւն ունենալով բռնատիրական Ռուսիայէն, եւ գտնուելով թշնամական ու նոյնքան բռնատիրական Ատրպէյճանէն պաշտպանուելու պարտադրանքին տակ, Հայաստանի ժողովրդավարական նախագիծը կը հանդիպի հզօր հակազդեցութեան», կը նշուի զեկոյցին մէջ։

 Freedom House կ՛ընդգծէ, որ Ռուսիոյ Ուքրանիա ներխուժումը, ատրպէյճանական ներթափանցումը Հայաստան եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ բռնաճնշումները լաւապէս ցոյց կու տան մենատիրական վարչակարգերու ներկայացուցած մահացու սպառնալիքները։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/05/2023, 08:00