Որոնել

2023.05.01 Messa Patriarca Maronita Card.Bechara Rai - Domenica 30 aprile 2023 - Bkerke - Libano

«Ձեր գլուխներուն եւ խիղճերուն վրայ կ՛իյնայ Լիբանանի քանդումը» ըսաւ Ռայի Պատրիարքը` Լիբանանցի պատասխանատուներուն

«Լիբանանցի՛ պատասխանատուներ, ձեր գլուխներուն եւ խիղճերուն վրայ կ՛իյնայ Լիբանանի քանդումը, որովհետեւ դուք ձախողած էք եւ ձեր եսին կը հետեւիք: Ամբողջ շրջանը փոփոխութեան, համաձայնութիւններու, երկխօսութեան եւ խաղաղեցման ընթացքին մէջ է, արդեօք դուք ո՞ւր էք այս երկխօսութեան մէջ», հարց տուաւ Ռայի պատրիարքը:
Ունկնդրէ լուրը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ յայտնեց, որ Լիբանանի երեսփոխանները եւ քաղաքական գործիչները չեն կրնար իրենց ականջները փակ պահել Աստուծոյ խօսքերուն դիմաց եւ անսալ միայն իրենց անձնական շահերու ձայնին, քինախնդրութեան, ատելութեան եւ ոխի ձայնին, եւ շարունակել երկրին կառավարումը` նախագահական դատարկութեան փուլին ընթացքին, քանդել խորհրդարանին օրէնսդրական իրաւասութիւնը, ինչպէս նաեւ կառավարութիւնը զրկել իր աշխատանքները կատարելու իրաւունքէն` երկրին սահմանադրական բոլոր հաստատութիւնները ենթարկելով յաւելեալ փտածութեան:

«Լիբանանցի՛ պատասխանատուներ, ձեր գլուխներուն եւ խիղճերուն վրայ կ՛իյնայ Լիբանանի քանդումը, որովհետեւ դուք ձախողած էք եւ ձեր եսին կը հետեւիք: Ամբողջ շրջանը փոփոխութեան, համաձայնութիւններու, երկխօսութեան եւ խաղաղեցման ընթացքին մէջ է, արդեօք դուք ո՞ւր էք այս երկխօսութեան մէջ», հարց տուաւ Ռայի պատրիարքը:

Ան շեշտեց, որ Լիբանանը անոնց չի պատկանիր, այլ` լիբանանցիներուն, որոնք իրենց զոհողութիւններով եւ նահատակներուն թափած արեամբ պաշտպանած են երկիրը:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/05/2023, 09:04