Որոնել

Անօդաչու թռչող սարքերով յարձակում` Անօդաչու թռչող սարքերով յարձակում` 

Անօդաչու թռչող սարքերով յարձակում` Մոսկուայի վրայ

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնած է. «Մոսկուայի եւ Մերձմոսկովեան շրջանին վրայ ուքրանական անօդաչու թռչող սարքերու յարձակումը Քիեւի պատասխանն էր որոշումներու կայացման կեդրոններէն մէկուն հասած հարուածին:

Մոսկուայի վրայ անօդաչու թռչող սարքերու յարձակումէն վնասուած են երկու շէնքեր: «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին նշած է արտակարգ ծառայութիւններու ներկայացուցիչը: Շէնքերէն մէկը կը գտնուի Փրոֆսոյուզնայա փողոցին մէջ, միւսը` Աթլասովի փողոցին մէջ: Անօդաչու թռչող սարքերու հարուածներուն պատճառով մարդկային վնասներ չկան:

«Անօդաչու թռչող սարքերը հարուածած են Փրոֆսոյուզնայա փողոցի 98 հասցէին մէջ գտնուող բնակելի շէնքի վերի յարկերը: Քանդուած են տան ճակատն ու պատուհանները: Վնասուածներ չկան», ըսած է գործակալութեան զրուցակիցը` աւելցնելով, որ նմանատիպ միջադէպ արձանագրուած է նաեւ Աթլասովի փողոցին մէջ գտնուող 24 յարկանի բնակելի շէնքին մէջ:

Մոսկուայի քաղաքապետ Սերկէյ Սոպիանին իր թելեկրամեան ալիքին վրայ հաստատած է լուրը` ընդգծելով, որ յարձակումին պատճառով լուրջ վնասներ կրողներ չկան, իսկ արտակարգ իրավիճակներու ծառայութիւնները կը գտնուին դէպքի վայրը եւ կը փորձեն յստակացնել միջադէպի պատճառները: Ան նաեւ կոչ ուղղած է հետեւելու պաշտօնական լրահոսին եւ չտարածել չհաստատուած տեղեկութիւններ:

Սոպիանինի համաձայն, շէնքերը աննշան վնասներ կրած են: Արտակարգ իրավիճակներուն ծառայութիւններու աշխատանքի ընթացքին բնակիչները հեռացուած են, սակայն աւելի ուշ վերադարձած են իրենց բնակարանները:

Մերձմոսկուայի նահանգապետ Անտրէյ Վորոպիով իր կարգին յայտնած է, որ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը Մոսկուային մօտեցող քանի մը անօդաչու թռչող սարքեր վնասազերծած են:

Ան շրջանի բնակիչները յորդորած է հանգիստ մնալ, որովհետեւ պայթումի նմանող ձայները հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու աշխատանքի արդիւնք եղած են:

«Մոսքովսքիյ Քոմսոմոլեց» գրեց, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու յայտարարած է. «Մոսկուայի վրայ արձակող անօդաչու թռչող սարքերու նպատակը մայրաքաղաքի քաղաքային կառոյցներն էին»:

Անոր համաձայն, երէկ առաւօտեան Քիեւ «ահաբեկչութիւն գործած է» Մոսկուայի եւ Մերձմոսկովեան շրջանի քաղաքային կառոյցներու վրայ. յարձակումին մասնակցած են ութ օդանաւի տիպի անօդաչու թռչող սարքեր, բոլորը ոչնչացուած են:

Ըստ անոր, երեք անօդաչու թռչող սարք ճնշուած է Ռատիոելեկտրոնային պայքարի միջոցներով, որմէ ետք անոնք կորսնցուցած են կառավարումն ու շեղած թիրախներէն: Եւս հինգ անօդաչու թռչող սարք խոցուած է Մոսկուայի մարզին մէջ «Փանցիր» հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռային համակարգի օգնութեամբ:

«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնած է. «Մոսկուայի եւ Մերձմոսկովեան շրջանին վրայ ուքրանական անօդաչու թռչող սարքերու յարձակումը Քիեւի պատասխանն էր որոշումներու կայացման կեդրոններէն մէկուն հասած հարուածին:

Ան նշած է, որ Վլատիմիր Փութին անյապաղ կը ստանայ գործնական տեղեկութիւնները:

«Մոսկուայի ու Մոսկուայի մարզի իշխանութիւններն ու զինուորականները պատշաճ աշխատեցան, լաւ աշխատեցաւ նաեւ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը», շարունակած է Փեսքով:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Քրեմլինը ինչպէ՞ս կը գնահատէ մայրաքաղաքի անվտանգութիւնը, Փեսքով կրկին մատնանշած է հակաօդային պաշտպանութեան համակարգի եւ պաշտպանութեան նախարարութեան լաւ աշխատանքը:

Ան մերժած է ըսել, թէ արդեօք յայտնի՞ են անօդաչու թռչող սարքերու արձակման վայրերը: «Ես չեմ կրնար ատիկա ըսել, ատիկա տեղեկութիւն է մասնագէտներու, զինուորականներու, գաղտնի սպասարկութիւններու համար», աւելցուցած է Քրեմլինի բանբերը:

«Այսօրուան յարձակումը անգամ մը եւս կը հաստատէ զինուորական յատուկ գործողութիւնը շարունակելու եւ ատոր նպատակներուն հասնելու անհրաժեշտութիւնը», եզրափակած է Փեսքով:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/05/2023, 07:45