Հայաստանի և Մալթայի Ուխտի միջև դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակի տօնախմբութիւն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Անցեալ 29 Մայիս 2023ին լրացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան և Մալթայի Ինքնիշխան Ռազմական Ուխտի միջև դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակը, որուն առիթով տեղի ունեցած էր Հայաստանի և Մալթայի Ուխտի արտաքին գերատեսչութիւններու ղեկավարներու պաշտօնական ուղերձներու փոխանակում։
1998ին հաստատուած կապեր
Յայտնենք թէ Հայաստանի և Մալթայի Ուխտի միջև երկկողմ յարաբերութիւնները հաստատուած են 1998թ.-ին և անոնց պայմանաւորած են վերջինիս որպէս ապաքաղաքական և մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերող միջազգային կառոյցի առանձնայատկութիւններով: Մալթայի Ուխտի մօտ (պաշտօնական անուանումը՝ Երուսաղեմի Սուրբ․ Յովհաննէսի, Հռոտոսի և Մալթայի Ինքնիշխան Ռազմական Բարեխնամ Ուխտ) արտակարգ և լիազօր դեսպանն է Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած ՀՀ դեսպան` Կարեն Նազարեանը։
Հին բարեկամութիւն
Հայաստանի եւ Մալթայի Ուխտին միջև կապը շատ հին է: «Արդեն 12-րդ դարուն Կիլիկիայի հայկական թագաւորութեան մէջ հաստատուեցան Ուխտի առաջին ասպետները, որուն` 14-րդ դարուն յաջորդեց Fra' Dieudonné de Gozon-ի ընտրութիւնը Ուխտի Մեծ Վարպետի բարձր պաշտօնին, որ յետագային Հայոց թագաւորին կողմէ հռչակուեցաւ «Հայաստանի պաշտպան»։
Մալթայի ասպետական ինքնիշխան Ուխտը Հայաստանի մէջ գործած է նաեւ 19-րդ դարուն՝ ցեղասպանութեան ժամանակ՝ առաջին օգնութիւն ցուցաբերելով փախստականներուն, Թեսաղոնիկէ մէջ հաստատած բժշկական դարմանատան միջոցաւ։ Աւելի ուշ՝ 1989 թուականին, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժէն ետքը Մալթայի Ուխտի օգնութեան խումբերը աջակցեցան երկրաշարժէն տուժած տեղի բնակչութեան։
Դիւանագիտական յարաբերութիւններու 25 ամեակի նշումը Հռոմի մէջ
Դիւանագիտական յարաբերութիւններու 25 ամեակը պիտի նշուի յատուկ մէկ համերգով եւ հիւրասիրութեամբ, որ տեղի պիտի ունենան 13 Յունիսի` Sant'Alessio Եկեղեցւոյ մէջ, Մալթայի Ասպետական Ուխտի Հռոմի Կեդրոնական պալատին մօտ։
Այս առթիւ Հռոմ ժամանած է ՀՀ առողջապահութեան նախարար տիկ. Անահիտ Ավանեսեանը` որ երկուշաբթի 11 Յունիսին այցելութիւն տուաւ Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական Հայ Կաթողիկէ Վարժարան ու նաեւ Հռոմի «Մոնթեվերտէ» շրջանի մէջ գտնուող Հայ Քոյրերու Անարատ Յղութեան միաբանութեան Մայր տուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ