Որոնել

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահման Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահման  (AFP or licensors)

Հայաստանի զինուած ուժերը Ազրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ չեն կրակած. Երեւան կը հերքէ Պաքուի մեղադրանքները

Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները սահմանագօտի հիւսիսարեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած ազրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ կրակ չեն բացած»:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ հերքեց Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած լուրը, թէ հայկական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները իբր թէ կրակ բացած են սահմանագօտիի հիւսիսարեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած ազրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ:

«Արմէնփրես»-ի համաձայն, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերթական ապատեղեկատուութիւնը տարածած է: Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները սահմանագօտի հիւսիսարեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած ազրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ կրակ չեն բացած»:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/06/2023, 08:30