Որոնել

2023.04.08 Manifestazione pacifica delle donne dell'Artsakh

Փախստականներու ՀԿ-ները միջազգային հանրութենէն կը պահանջեն ապահովել Արցախի իրենց տուներ վերադարձի անվտանգային փրաշխիքներ

Հասարակական կազմակերպութիւնները կը պահանջեն նաեւ ստեղծել անհրաժեշտ պայմաններ՝ փախստականներուն եւ անոնց ժառանգներուն համար կորսնցուցած անշարժ եւ շարժական գոյքին դիմաց ազրպէյճանի կողմէ փոխհատուցում (համապատասխան կարգով) սահմանելու եւ տրամադրելու համար, եւ պարտադրելու ազրպէյճանին կատարելու միջազգային պարտաւորութիւններն ու փախստականներուն եւ անոնց ժառանգներու ընտանիքներուն փոխհատուցելու կրած կորուստները։

Ազրպէյճանական ԽՍՀ-էն, Նախիջեւանէն եւ Արցախէն փախստականներու 13 հասարակական կազմակերպութիւններ յայտարարութիւն տարածած են՝ միջազգային հանրութենէն, միջազգային կազմակերպութիւններէն, գործընկեր երկիրներէն պահանջելով ապահովել անվտանգային երաշխիքներ եւ ներդնել համապատասխան մեքենականութիւններ՝ փախստականներուն եւ բռնի տեղահանուածներուն համար վերադարձի պայմաններ մշակելու համար։

Հասարակական կազմակերպութիւնները կը պահանջեն նաեւ ստեղծել անհրաժեշտ պայմաններ՝ փախստականներուն եւ անոնց ժառանգներուն համար կորսնցուցած անշարժ եւ շարժական գոյքին դիմաց ազրպէյճանի կողմէ փոխհատուցում (համապատասխան կարգով) սահմանելու եւ տրամադրելու համար, եւ պարտադրելու ազրպէյճանին կատարելու միջազգային պարտաւորութիւններն ու փախստականներուն եւ անոնց ժառանգներու ընտանիքներուն փոխհատուցելու կրած կորուստները։

Յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Մենք՝ ազրպէյճանական ԽՍՀ-էն, Նախիջեւանէն եւ Արցախէն փախստականներս, կը վերահաստատենք հետեւեալը.

1987-1992թթ. ազրպէյճանական ԽՍՀ-ի տարբեր քաղաքաներու մէջ՝ Սումգայիթ, Պաքու, Կիրովաբադ/Գանձակ հայութեան դէմ կատարուած ցեղասպանութեան պատճառով հարիւր հազարաւոր հայեր բռնի տեղահանուեցան, ցրուեցան աշխարհով մէկ, դարձան փախստական: Մինչ օրս միջազգային հանրութեան կողմէ չէ տրուած ազրպէյճանի տարածքին վրայ հայութեան դէմ կատարուածին գնահատականը, չեն բացայայտուած ու չեն դատապարտուած ոճրագործութիւններու կազմակերպիչներն ու իրականացողները,

2020 թուականի Սեպտեմբեր 27-ին լայնածաւալ յարձակման իբրեւ արդիւնք Արցախէն Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ յայտնուած 26.750 անձի ՄԱԿ-ը 2021 թուականին կը համարէ փախստականին հաւասարեցուած կարգավիճակով անձ: Իսկ Արցախի Հանրապետութեան տարածքի 120,000 հայերը այսօր բռնապետական ազրպէյճանի կողմէ ամբողջական շրջափակման մէջ են՝ զրկուած ըլլալով առօրեայ անվտանգութենէն, ազատ տեղաշարժի իրաւունքէն,

2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան 7-րդ կէտին համաձայն՝ ներքին տեղահանուած անձեր եւ փախստականները կրնան վերադառնալ իրենց տուները՝ ՄԱԿ-ի վերահսկողութեան տակ: Սակայն, ազրպէյճանը կը խոչընդոտէ ՄԱԿ եւ միջազգային այլ կառոյցներուն մուտքը Արցախ, նոյն յայտարարութեան 6-րդ կէտին խաթարումով ազրպէյճանը նաեւ արգելափակած է Բերձորի միջանցքը, որ արցախահայութեան միակ գոյաբանական ուղին է,

Ազրպէյճանը Արցախի ռազմակալած տարածքները կը բնակեցնէ անյայտ ինքնութեամբ եւ ծագումով մարդոցմով, որ կասկածի տակ կը դնէ եւ կը խաթարէ հայութեան անվտանգութիւնը տարածաշրջանին մէջ, խաղաղութեան հաստատման միջազգային կառոյցներուն քաղաքական ջանքերը,

Այնպէս, ինչպէս երբեմնի հայերով բնակեցուած Նախիջեւանը ազրպէյճանի լիակատար իրաւասութեան հաստատման պայմաններուն մէջ հայաթափուեցաւ, իսկ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը ոչնչացուեցաւ, այնպէս ալ այժմ Արցախի հայաթափուած շրջաններուն մէջ կ՝իրագործուի բնիկ ժառանգութեան ոչնչացում,

Ժողովրդավարական Արցախի Հանրապետութիւնը չի կրնար ապրիլ բռնապետական ազրպէյճանի տիրապետութեան տակ. ատոր արդիւնքը պիտի ըլլայ հայութեան ոչնչացումը: Իրավիճակը աւելի քան օրհասական է:

Մեկնելով վերոյիշեալէն՝ կը պահանջենք, որ միջազգային հանրութիւնը, միջազգային կազմակերպութիւնները, գործընկեր երկիրները ապահովեն անվտանգային երաշխիքներ եւ ներդնեն համապատասխան մեքենականութիւններ՝ փախստականներուն եւ բռնի տեղահանուածներուն համար վերադարձի պայմաններ մշակելու համար, ստեղծեն անհրաժեշտ պայմաններ՝ փախստականներուն եւ անոնց ժառանգներուն համար կորսնցուցած անշարժ եւ շարժական գոյքի դիմաց ազրպէյճանի կողմէ փոխհատուցում (համապատասխան կարգով) սահմանելու եւ տրամադրելու համար եւ պարտադրեն ազրպէյճանին կատարելու միջազգային պարտաւորութիւններն ու փախստականներու եւ անոնց ժառանգներու ընտանիքներուն փոխհատուցել կրած կորուստները, յարգեն Արցախի ժողովուրդի՝ հանրաքուէով ինքնորոշուած ըլլալու փաստը, մարդու կեանքի իրաւունքը չզիջին ու չստորադասեն տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին, առաջնորդուին մարդու եւ ժողովուրդներու հիմնարար իրաւունքներով եւ ազատութիւններով. Գործնական քայլերով կանխեն մշակութային ցեղասպանութիւնը Արցախի գրաւուած տարածքներուն մէջ»:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/06/2023, 08:00