Որոնել

AZERBAIJAN-ARMENIA-KARABAKH-CONFLICT

Միրզոյեան-Լաւրով-Պայրամով Հանդիպման ընդառաջ Յարութիւնեան պահանջեց միջանցքը բանալ

Ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան՝ բանակցութիւններուն ընթացքին նախարարները «պիտի լուծեն Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ լարուածութեան մեղմացման ուղիները եւ քննարկեն եռակողմ համաձայնութիւններու կատարման վերաբերող քայլերը»:

25 Յուլիսին, Մոսկուայի մէջ հանդիպում պիտի ունենան Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները:

Սերկէյ Լաւրով, Արարատ Միրզոյեան եւ Ճէյհուն Պայրամով եռակողմ բանակցութիւններէն բացի նաեւ երկկողմ հանդիպումներ պիտի ունենան:

Ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան՝ բանակցութիւններուն ընթացքին նախարարները «պիտի լուծեն Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ լարուածութեան մեղմացման ուղիները եւ քննարկեն եռակողմ համաձայնութիւններու կատարման վերաբերող քայլերը»:

«Յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձուի Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնութեան պատրաստութեան, մնացեալ հարցերու որոնման, որուն Ռուսիա պատրաստ է աջակցութիւն ցուցաբերելու», յայտարարեց Մոսկուա։

Նախարարները պիտի քննարկեն նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման միւս առանցքային ուղիները, որոնց կարգին՝ տարածաշրջանին մէջ երթեւեկի հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանի սահմանազատումը:

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԷՆ ԱՌԱՋ ԱՆՅԱՊԱՂ ՊԱՇԱՐՈՒՄԸ ՎԵՐԱՑՆԵԼ

Մոսկուայի եռակողմ բանակցութիւններուն ընդառաջ, Ստեփանակերտ կը պահանջէ անյապաղ վերացնել 40օրեայ ամբողջական պաշարումը եւ անոր իբրեւ արդիւնք Արցախի մէջ սրընթաց կերպով խորացող մարդասիրական աղէտը:

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան կը պնդէ, որ այդ պայմանը ապահովելէ ետք կարելի պիտի ըլլայ անդրադառնալ հակամարտութեան բոլոր բաղադրիչներուն եւ որոշակիօրէն բարենպաստ միջավայրի մէջ քննարկել անոնց լուծման միջոցները:

«Խստագոյնս դատապարտելի է, որ ադրբեջանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորման, կողմերի միջեւ փոխվստահութեան միջավայրի ձեւաւորման փոխարէն Արցախի հարցում Ադրբեջանի քաղաքական օրակարգի իրականացման հիմնական գործիքներից են Արցախի Հանրապետութեան շրջափակումն ու արդէն լիակատար պաշարումը, կենսական ենթակառուցուածքների շարունակական խափանումը եւ անթաքոյց ցեղասպանական քաղաքականութեան վարումը», յայտարարեց Յարութիւնեան՝ ընդգծելով, որ Պաքու Արցախի մէջ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ կը կատարէ, ինչ որ, ըստ իրեն, եռակողմ յայտարարութեան եւ միջազգային իրաւական փաստաթուղթերու կոպտագոյն խախտումներու անմիջական հետեւանք են:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/07/2023, 09:02