Որոնել

RUSSIA-ARMENIA-AZERBAIJAN-DIPLOMACY-KARABAKH-CONFLICT

Մոսկուա կոչ ուղղեց՝ Լաչինի Միջանցքի շուտափոյթ ապաշրջափակման

Ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան` նախարարները կեդրոնացան Արցախի շուրջ իրավիճակի լարուածութեան մեղմացման եւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը յառաջ մղելու համատեղ ջանքերու վերլուծութեան վրայ` երեք երկիրներու ղեկավարներու եռակողմ յայտարարութիւններուն համաձայն:

Մոսկուայի մէջ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպման ընթացքին ռուսական կողմը Լաչինի միջանցքը շուտափոյթ ապաշրջափակելու կոչ ուղղեց: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ եռակողմ եւ երկկողմ հանդիպումներուն արդիւնքներուն մասին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց  հաղորդագրութիւն մը՝ առանձնացնելով հանդիպումներու հիմնական նիւթերը:

Ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան` նախարարները կեդրոնացան Արցախի շուրջ իրավիճակի լարուածութեան մեղմացման եւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը յառաջ մղելու համատեղ ջանքերու վերլուծութեան վրայ` երեք երկիրներու ղեկավարներու եռակողմ յայտարարութիւններուն համաձայն:

«Ռուսական կողմը ընդգծեց Լաչինի միջանցքի շուտափոյթ ապաշրջափակման եւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան բնականոն կեանքի վերականգնման անհրաժեշտութիւնը: Արտաքին գործոց նախարարութիւններու ղեկավարները վերահաստատեցին եռակողմ համաձայնագիրներու բոլոր ուղղութիւններով աշխատանքի աշխուժացման կարեւորութիւնը, որոնց կարգին՝ երթեւեկի հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանի սահմանազատումը, ինչպէս նաեւ հասարակական գործիչներու եւ փորձագէտների շփումները եւ խորհրդարանականներու միջեւ երկխօսութեան մեկնարկը: Յատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի համաձայնեցման նիւթին` շեշտը դնելով մնացած տարակարծութիւններու յաղթահարման վրայ», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ։

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը նշէ, որ երկկողմ հանդիպման ընթացքին նախարարները, բացի երկկողմ օրակարգի եւ միջազգային ու տարածաշրջանային հարցերու քննարկումէն, «կողմ արտայայտուեցան «հիւսիս-հարաւ» միջազգային երթեւեկի հաղորդակցութեան միջանցքի ծիրին մէջ 3+3 խորհրդատուական տարածաշրջանային հարթակի շրջանակներուն մէջ համագործակցութեան վերականգնման»:

Իսկ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովի եւ Արարատ Միրզոյեանի երկկողմ հանդիպման ընթացքին «վերլուծման ենթարկուեցան Ռուսիա-Հայաստան օրակարգի ամէնէն շօշափելի նիւթերը, որոնց կարգին՝ տնտեսական եւ մարդասիրական ուղղութիւնները»:

«Համաձայնութիւն գոյացաւ շարունակելու արդիւնաւէտ փոխգործակցութիւնը ընդհանուր համարկման կազմակերպութիւններուն մէջ` ԵԱՏՄի, ՀԱՊԿի եւ ԱՊՀի ծիրին մէջ», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/07/2023, 09:00