Արցախի Ազգային Ժողովը կոչ ըրաւ ՄԱԿին՝ ճանչնալու «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Անկախութիւնը»
Արցախի Ազգային ժողովը ուղերձով մը դիմեց ՄԱԿի անդամ պետութիւններուն` «կոչ անելով ճանաչել Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) Հանրապետութեան անկախութիւնը»: Իր ուղերձին մէջ Արցախի Ազգային ժողովը յղում կը կատարէ շարք մը փաստաթուղթերու եւ սկզբունքներու, որոնց կարգին ՄԱԿի կանոնադրութեամբ ամրագրուած ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի, 2 Սեպտեմբեր 1991ի «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման մասին« հռչակագիրին:
«Անհերքելի է, որ կան ճանաչման համար բոլոր անհրաժեշտ հիմքերը: Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) Հանրապետութիւնն իր ինքնորոշման իրաւունքն իրականացրել է` չխաթարելով Ադրբեջանի տարածքային ամբողջականութիւնը, չխախտելով ԽՍՀՄ Սահմանադրութեան համապատասխան դրոյթները, «ԽՍՀՄ կազմից միութենական հանրապետութիւնների դուրս գալու մասին» 1990 թուականի Ապրիլի 3ի օրէնքի սահմանումը, համաձայն որի «ինքնավար հանրապետութիւններն ու ինքնավար կազմաւորումներն իրաւունք ունեն ինքնուրոյնաբար վճռելու միութեան մէջ կամ նրա կազմից դուրս եկող միութենական հանրապետութիւնում մնալու հարցը, ինչպէս նաեւ կարգաւորելու սեփական պետական իրաւական կարգավիճակի խնդիրը», միջազգային իրաւունքի բոլոր նորմերը», կ՛ըսուի ուղերձի մէջ:
Անոր մէջ կը նշուի նաեւ, որ ՄԱԿի անդամ պետութիւններու կողմէ ԼՂ (Արցախի) ճանաչումը ժողովուրդին համար պիտի դառնայ ապահովութեան վստահելի երաշխիք, պիտի նպաստէ իր պատմական հայրենիքին մէջ բնականոն կենսագործունէութեան համար բարենպաստ պայմաններու ստեղծման, ինչպէս նաեւ հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ կայունութեան, երկարաժամկէտ եւ հաստատուն խաղաղութեան ապահովման:
«Խորապէս համոզուած ենք, որ վերահաս ողբերգութիւնը կանխելու միակ միջոցը Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումն է` ՃԱՆԱՉՈՒՄ ՅԱՆՈՒՆ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ սկզբունքի հիման վրայ», կոչ կ՛ուղղէ Արցախի Ազգային ժողովը:
Նշենք, որ Արցախի Հանրապետութիւնը ճանչցուած է միայն մասամբ ճանչցուած Աբխազիոյ, Հարաւային Օսեթիոյ եւ Մերձտնեսթրի Հանրապետութեան կողմէ:
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ