Ճգնաժամը ժամ առ ժամ կը լրջանայ, օգնեցէք լսելի դարձնել Արցախի հայերուն ձայնը. Ռուբէն Վարդանեան
Արցախի մէջ ճգնաժամը ժամ առ ժամ կը լրջանայ: Այս իրավիճակը յաղթահարելու համար պէտք է ձեռնարկուին յստակ գործողութիւններ: Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը՝ մանրամասնելով.
«1) Մարդասիրական օդային միջանցքի գործարկումը ունի առաջնային նշանակութիւն: ՄԱԿ–ի կամ միջազգային այլ կառոյցներու մարդասիրական առաքելութիւնները պէտք է կարենան ժամանել ուղիղ Ստեփանակերտ ու օգնութիւն տրամադրել:
2) Հնարաւորինս շտապ Արցախ պէտք է ուղարկուի ՄԱԿ-ի կամ այլ միջազգային կառուցի (ԵԽԽՎ, ԵՄ) փաստահաւաք առաքելութիւն: Տեղւոյն վրայ իրավիճակի անմիջական դիտարկումը թոյլ պիտի տայ աւելի յստակ պատկերացում կազմելու ճգնաժամի լրջութեան մասին:
3) Միջազգային միջնորդները՝ Ուաշինկթընէն մինչեւ Փարիզ եւ Մոսկուա, պէտք է ճնշում գործադրեն ազրպէյճանի վրայ՝ փոփոխութիւններու հասնելու համար: Եթէ անոնք չընեն ատիկա, ապարդիւն պիտի ըլլան անոնց միջնորդական ջանքերը։
4) Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներուն առաքելութիւնը պէտք է ՄԱԿ միջազգային պաշտօնական իրաւագիր ստանայ: ՄԱԿ-ը կրնայ դիտարկել նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղապահ առաքելութեան ընդլայնման տարբերակներ, օրինակ՝ չինական խաղաղապահ դաշնակից զինուորական ուժի (contingent) ներգրաւումով։
5) Չափազանց կարեւոր է հասկնալ, որ որքան ալ բարձրաձայնեն ճգնաժամի մարդկայնական կողմին մասին, բայց առկայ խնդիրները ունին քաղաքական եւ պատմական հիմքեր: Հայերուն դէմ պետական մակարդակով ատելութեան քարոզը ալիեւի մենատիրական վարչակարգին կարեւոր հիմնասիւներէն է: Այս փաստը անտեսել հնարաւոր չէ:
6)Աշխարհահռչակ ու ազդեցիկ հայերն ու մեր ժողովուրդի օտար բարեկամները իրենց աշխուժութեամբ մեծ դեր կրնան խաղալ Արցախի մէջ ծաւալուող ողբերգութեան մասին բարձրաձայնելու հարցով:
Ընկերներ, օգնեցէք լսելի դարձնել Արցախի հայերուն ձայնը:
Միայն միահամուռ ուժերով ու կողք կողքի կանգնելով կրնանք այս պատմական բարդ փուլը յաղթահարել:
Արցախը հայկական աշխարհի անբաժան մասն է, այս հողը մեր ժառանգական կանոնագիրքին բաղկացուցիչն է, ուստի այս պայքարը բոլորիսն է»:
Աղբիւրը` Եռագոյն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ