Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
Piano Concerto for The left hand
Ժամանակացոյց Փոտքասթ
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն  

Պլինքըն Ալիեւի հետ զրոյցի ընթացքին կարեւոր նկատած է բանակցութիւններու մէջ փոխզիջումը եւ Բերձորի միջանցքով անխափան անցումը

Պլինքըն ամփոփելով քննարկումները յայտարարած էր, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց կայ, սակայն վերջնական համաձայնութեան հասնելու համար տակաւին շատ աշխատանք կայ կատարելիք:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ընդգծած է հայ-ազրպէյճանական կարգաւորման հարցին մէջ ճկունութեան կարեւորութիւնը: Այս մասին 12 յուլիսին հաղորդած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Մեթիու Միլլըր:

«Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն այսօր զրուցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ եւ անոր տեղեկացուցած հայ-ազրպէյճանական խաղաղութեան բանակցութիւններուն Միացեալ Նահանգներու շարունակական աջակցութեան ու քննարկումներուն մէջ ստեղծարար մօտեցումին, ճկունութեան եւ փոխզիջման անհրաժեշտութեան մասին», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ` աւելցնելով. «Արտաքին գործոց նախարար Պլինքըն ընդգծած է Լաչինի միջանցքով առեւտրական, մարդասիրական եւ սեփական մեքենաներու անխափան անցման կարեւորութիւնը»:

Միլլըրի համաձայն, Պլինքըն նաեւ շեշտած է, որ երկու կողմերուն համար կարեւոր է պահպանել «երկարաժամկէտ եւ արժանապատիւ խաղաղութեան ուղղուած բանակցութիւններուն մէջ դրական ընթացքը»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին նոյն օր մամլոյ ասուլիսի ընթացքին հարցում ուղղուած է, թէ ամերիկեան կողմը ճիշդ ի՞նչ նկատի ունի` յայտարարելով, թէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ «խաղաղութիւնը հասանելի է», «համաձայնութիւնը հասանելի է»:

Միլըր բացատրած է, որ ատիկա կը նշանակէ, որ կողմերը շարք մը հարցերու մէջ զգալի յառաջընթաց արձանագրած են: «Նոյնիսկ վերջին հանդիպումի ժամանակ անոնք կրճատած են չլուծուած մնացող հարցերու թիւը», աւելցուցած է արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը` եզրափակելով. «Եւ այսպէս, մենք կը կարծենք, որ լուծուելիք աւելի քիչ հարցերու պարագային համաձայնութիւնը հասանելի է, սակայն ատիկա կ՛ենթադրէ, որ, ի հարկէ, երկու կողմերն ալ պէտք է պատրաստ ըլլան փոխզիջման»:

Մէկ օր առաջ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն տեղի ունեցած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին ու Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին միջեւ: Պլինքըն «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է, որ Նիկոլ Փաշինեանի հետ զրոյցի ընթացքին վերահաստատած է իր «ամուր աջակցութիւնը Ազրպէյճանի հետ խաղաղութիւն ապահովելու շարունակական ջանքերուն»:

Յունիսի վերջաւորութեան Ուաշինկթընի Արլինկթըն արուարձանին մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի բանակցութիւններէն ետք հրապարակուած միասնական յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուէր, որ կողմերը համաձայնագիրի նախագիծի յաւելեալ քանի մը յօդուածի շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են եւ «փոխըմբռնման յառաջընթաց արձանագրած»:

Պլինքըն ամփոփելով քննարկումները յայտարարած էր, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց կայ, սակայն վերջնական համաձայնութեան հասնելու համար տակաւին շատ աշխատանք կայ կատարելիք:

Աղբիւր՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/07/2023, 08:28
Prev
March 2025
SuMoTuWeThFrSa
      1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031     
Next
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930