Որոնել

2023.07.01 Situazione umanitaria in Artsakh allo stremo

Հայաստանէն Արցախ ուղարկուող 400 թոն մարդասիրական օգնութիւնը հատեց հայկական անցակէտը

Պաշտօնական Պաքու անմիջապէս արձագանգեց եւ հայկական կողմը մեղադրեց առանց իրենց հետ համաձայնութեան Արցախ բեռնատարեր ուղարկելու յանցանքով՝ «Մարդասիրական բեռ»ի անուան տակ: Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եղածը նկատեց «ոտնձգութիւն» եւ «իր տարածքային ամբողջականութեան» հանդէպ «սադրանք»:
Ունկնդրէ լուրը

«Ուտելիք կեանքի համար» նշանաբանով 400 թոն մարդասիրական օգնութիւնը 19 բեռնատարներով 26 Յուլիսի առաւօտուն ճամբայ ելաւ Երեւանէն դէպի Արցախ, իսկ երեկոյեան հասաւ Սիւնիքի Կոռնիձոր գիւղը, ուր նախատեսուած է բեռը ռուս խաղաղապահներուն միջոցով տեղափոխել 227 օրերէ ի վեր շրջափակման մէջ գտնուող արցախցիներուն:

Օր մը առաջ, Հայաստանի կառավարութիւնը յայտնած էր, որ փոխվարչապետ Տիգրան Խաչատրեանի գլխաւորութեամբ գումարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ճգնաժամի կառավարման աշխատանքային խումբի հերթական նիստը, որուն ընթացքին որոշուեցաւ Արցախի բնակչութեան պարէնային եւ բժշկական հրատապ մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերել:

26 Յուլիսին, Երեւանի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին, Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամի կառավարման աշխատանքային խումբի ներկայացուցիչ Վարդան Սարգսեան յայտնեց, որ հետզհետէ սրող մարդասիրական ճգնաժամի լոյսին տակ դիմեցին այս քայլին, եւ Հայաստանէն Արցախ ուղարկուեցան 19 բեռնատարեր` բեռցուած առաջին անհրաժեշտութիւն ներկայացնող սննդամթերքով` ալիւր, ձէթ, մանուկներու ուտելիք, մաքարոն եւ այլն, նաեւ՝ դեղորայք։ Օգնութիւնը Արցախ հասցնելու նպատակով, դիմում ներկայացուեցաւ Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերուն, որոնց պատասխանին կը սպասեն։ Սարգսեան յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ մարդասիրական բնոյթի ապրանքներու տեղափոխութեան մէջ հարց չի ծագիր:

Նոյն օրը երեկոյեան, Սարգսեան յայտնեց, որ բեռնատարները Կոռնիձորի սահմանային հատուածին մէջ պիտի մնան, մինչեւ Ռուսիոյ խաղաղապահներէն արձագանգ ունենան, ապա պիտի որոշուին հետագայ քայլերը։ 

Պաշտօնական Պաքու անմիջապէս արձագանգեց եւ հայկական կողմը մեղադրեց առանց իրենց հետ համաձայնութեան Արցախ բեռնատարեր ուղարկելու յանցանքով՝ «Մարդասիրական բեռ»ի անուան տակ: Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եղածը նկատեց «ոտնձգութիւն» եւ «իր տարածքային ամբողջականութեան» հանդէպ «սադրանք»:

«Այս սադրանքը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, որ Հայաստանի յայտարարութիւնները՝ «տարածաշրջանին մէջ մարդասիրական լարուած իրավիճակին մասին», ոչինչ են, բացի ձեռնածութիւններ եւ անօրինական գործողութիւնները շարունակելու այս երկրի մտադրութիւնը», կ՛ըսուի ատրպէյճանական կողմի յայտարարութեան մէջ։

Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթըր Սիւնիքի մէջ` Լաչինի միջանցքը տանող ճամբուն վրայ հետեւեցաւ բեռնատարներու ընթացքին։

Բեռնատարներու շարասիւնը արդէն հասաւ Լաչինի միջանցքի մուտքին մօտ` Հակարիի կամուրջին հարեւանութեամբ, երբ անոր մօտեցաւ Եւրոպական Միութեան չորս ինքնաշարժներէ բաղկացած դիտորդական առաքելութեան շարասիւնը:

«Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Ռիթըր նշեց, թէ տեղեակ են, որ Հայաստանի կառավարութիւնը կ՛ուզէ մարդասիրական օգնութիւն ուղարկել Արցախ:

«Մենք եկանք հոս՝ Հակարիի կամուրջին մօտ, որպէսզի տեղւոյն վրայ հետեւինք իրադարձութիւններու ընթացքին: Ինչպէս դուք, մենք նոյնպէս չենք գիտեր՝ ատրպէյճանական կողմը պիտի արտօնէ՞, որ մարդասիրական օգնութիւն փոխադրող բեռնատարները անցնին Լաչինի միջանցքով եւ մտնեն Լեռնային Ղարաբաղ: Ինչ ալ տեղի ունենայ, մենք հանգամանօրէն այդ մասին կը գրենք մեր զեկոյցին մէջ», յայտնեց Ռիթըր։

Ան դիտել տուաւ, որ իրենք մնայուն կերպով մշտադիտարկում կը կատարեն Ատրպէյճանի հետ Հայաստանի սահմանին, բացառաբար քաղաքացիական բնոյթի դիտարկումներ: Պարբերաբար կ՛այցելեն այն սահմանամերձ բնակավայրերը, որոնք կը գտնուին հակամարտութեան գօտիի անմիջական հարեւանութեամբ: Իրենք զեկուցում կ՛ուղարկեն Պրիւքսէլ՝ տեղի ունեցածին մասին։ «Մենք կ՛աջակցինք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ընթացող բանակցութիւններուն եւ կը նպաստենք այդ ուղղութեամբ Եւրոպական Միութեան ջանքերուն: Այդ մեր հիմնական առաքելութիւնն է», ըսաւ Ռիթըր։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/07/2023, 08:42