Որոնել

2021.12.16 Chiesa armena di Santo Stefano a Van, Turchia

Վանի հայկական եկեղեցիները վտանգի տակ

Հակառակ բազմաթիւ կոչերուն՝ մինչ օրս թրքական իշխանութիւնները փլուզման եզրին գտնուող հայկական յիշեալ երկու եկեղեցիներու վերականգնման ուղղութեամբ քայլեր չեն ձեռնարկեր
Ունկնդրէ լուրը

Թուրքիոյ արեւմտեան հատուածին մէջ գտնուող Վան քաղաքի (հայկական քաղաք հիմնադրուած մ.թ.ա. 9-րդ դարուն Վանի թագաւոր Սարդուրի Ա-ի կողմէ) շարք մը հայկական եկեղեցիներ լքուած եւ անյուսալի վիճակի մէջ են՝ օրէ օր աւերուելով:

Ermenihaber-ի հաղորդմամբ՝ Վանի կիսաքանդ հայկական եկեղեցիներէն երկուքը՝ Սբ. Բարդուղիմէոսը եւ Սբ. Թովմասը կարիք ունին վերանորոգման:

Նշենք, որ հակառակ բազմաթիւ կոչերուն՝ մինչ օրս թրքական իշխանութիւնները փլուզման եզրին գտնուող հայկական յիշեալ երկու եկեղեցիներու վերականգնման ուղղութեամբ քայլեր չեն ձեռնարկեր:

Սբ. Բարդուղիմէոսը կառուցուած է 4-րդ դարուն: 1990-ականներուն վերածուած է ոստիկանական բաժանմունքի, իսկ 2013-ին այդ բաժանմունքի տեղափոխումէն ի վեր չէ վերանորոգուած:

Գրեթէ նոյն ճակատագրին արժանացած է նաեւ Սուրբ Թովմաս եկեղեցին՝ երկար ժամանակ ծառայելով որպէս գոմ: Եկեղեցին կանգուն պահելու համար եւս վերականգնողական աշխատանքներ չեն տարուած:

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/07/2023, 08:12