Որոնել

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը 

Ըստ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան. Միջնորդներու մօտեցումները պէտք չէ կանխորոշեն բանակցութիւններու արդիւնքը

Ստեփանակերտը համոզմունք կը յայտնէ, որ ազրպէյճանական-ղարաբաղեան հիմնահարցի լուծումը կրնայ յաջողութեամբ պսակուիլ այն պարագային, «եթէ տագնապի բոլոր կողմերը եւ միջնորդները, ամբողջովին գիտակցելով իրենց պատասխանատուութիւնը, ցուցաբերեն ճկունութիւն, ստեղծարար մօտեցում, կառուցողականութիւն եւ առաջնորդուին ինչպէս միջազգային իրաւունքի կանոններով, այնպէս ալ համընդհանուր այնպիսի արժէքներով, ինչպիսիք են արդարութիւնը, արժանապատուութիւնը եւ ազատութիւնը»:

«Միջնորդներու մօտեցումները պէտք չէ կանխորոշեն բանակցութիւններու արդիւնքը», կը յայտարարէ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` արձագանգելով Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի` Հանրային պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման հեռանկարներուն վերաբերեալ հնչեցուցած յայտարարութիւններուն:

Ստեփանակերտը համոզմունք կը յայտնէ, որ ազրպէյճանական-ղարաբաղեան հիմնահարցի լուծումը կրնայ յաջողութեամբ պսակուիլ այն պարագային, «եթէ տագնապի բոլոր կողմերը եւ միջնորդները, ամբողջովին գիտակցելով իրենց պատասխանատուութիւնը, ցուցաբերեն ճկունութիւն, ստեղծարար մօտեցում, կառուցողականութիւն եւ առաջնորդուին ինչպէս միջազգային իրաւունքի կանոններով, այնպէս ալ համընդհանուր այնպիսի արժէքներով, ինչպիսիք են արդարութիւնը, արժանապատուութիւնը եւ ազատութիւնը»:

«Կը գտնենք, որ անսասան հաւատարմութիւնը այս սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան կողմէ կուտակուած միջնորդական փորձի կիրարկումը պիտի նպաստեն տագնապի արդար ու համապարփակ լուծման եւ շրջանին մէջ կայուն ու արժանապատիւ խաղաղութեան հաստատման: Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ ակնյայտ ցեղասպանական մտադրութեամբ իրականացուող նուաճողական եւ ցեղային զտման քաղաքականութեան, շարունակուող անմարդկային շրջափակման, բռնութեան եւ յարձակողապաշտութեան կրկնուող դէպքերուն, աճող ատելութեան խօսքի եւ ռազմատենչ հռետորաբանութեան պայմաններուն մէջ նմանատիպ յայտարարութիւնները կը յիշեցնեն նախայարձակը հանդարտեցնելու քաղաքականութիւն: Ինչպէս ցոյց կու տայ պատմական փորձը, նախայարձակի հանդարտեցումը վերջինիս կողմէ կ՛ընկալուի իբրեւ իր ապակառուցողական քաղաքականութեան խրախուսում, ինչ որ կը յանգեցնէ միայն հետագայ բռնութիւններու եւ մարդկային տառապանքներու», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/07/2023, 08:57