Որոնել

Բերձորի միջանցքը Բերձորի միջանցքը 

ԵԱՀԿ-Ի խորհրդարանական վեհաժողովի «Վանքուվըրի Հռչակագիր»-ը Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ` ապահովելու Բերձորի միջանցքով մարդոց եւ ապրանքներու անխոչընդոտ անցումը

«ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովը ընդունեց Հայաստանի պատուիրակութեան բոլոր առաջարկները», Դիմատետրի վրայ գրած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ, ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար Սարգիս Խանդանեան:

ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի 2023 թուականի եզրափակիչ փաստաթուղթը` երեքշաբթի օր որդեգրուած Վանքուվըրի հռչակագիրը Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ զինեալ ուժերը դուրս բերելու Հայաստանի գերիշխան տարածքէն, ապահովելու մարդոց եւ ապրանքներու անխոչընդոտ անցումը Բերձորի միջանցքով` համաձայն Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 22 փետրուարի որոշումին, նաեւ Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ` միջազգային ընտանիքին հետ սերտ համագործակցութեամբ դրական օրակարգ ձեւաւորելու Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը երաշխաւորելու նպատակով:

Հռչակագիրը կոչ կ՛ուղղէ` ազատ արձակելու բոլոր պահուող անձերը եւ ճշդելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի ընթացքին անհետ կորսուած բոլոր անձերու ճակատագիրները, պաշտպանելու շրջանի մշակութային ժառանգութիւնը եւ աջակցելու ականազերծման հոլովոյթին:

Փաստաթուղթը կը խրախուսէ Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը շարունակելու բանակցութիւնները համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան ուղղութեամբ` հիմք ընդունելով իրարու տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը, կ՛ողջունէ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան դիւանագիտական ջանքերը, որոնք կը նպաստեն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան եւ փոխադարձ վստահութեան կառուցման:

«ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովը ընդունեց Հայաստանի պատուիրակութեան բոլոր առաջարկները», Դիմատետրի վրայ գրած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ, ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար Սարգիս Խանդանեան:

Քանատայի Վանքուվըր քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի ամառնային նստաշրջանին ընթացքին Խանդանեան նաեւ ընտրուած է վեհաժողովի ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ մարդասիրական հարցերու յանձնախումբի փոխնախագահ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/07/2023, 08:51