Որոնել

2023.07.01 Situazione umanitaria in Artsakh allo stremo

Արցախի մէջ մարդասիրական վիճակը ա՛լ աւելի կը ծանրանայ

Արցախի պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան իր կարգին խօսեցաւ Արցախի հետզհետէ ծանրացող մարդասիրական կացութեան մասին՝ յիշեցնելով, որ արդէն երկու շաբաթէ ի վեր, Ատրպէյճան չ՛արտօներ նաեւ ուտելիքիի փոխադրութիւնը Արցախ:

Վերջին Հրաժեշտ Տրուեցաւ Նահատակ 4 Զինուորներէն 2ին

Արցախի Մարտունիի շրջանի Գիշի գիւղին մէջ, 30 Յունիսին, վերջին հրաժեշտը տուին 28 Յունիսին, Ատրպէյճանի հետ շփման գիծին մէջ ատրպէյճանցիներու արձակած կրակին զոհ գացած չորս զինուորներէն երկուքին՝ 36ամեայ Գագիկ Բալայեանին եւ 54ամեայ Արմօ Աբգարեանին, որոնք համագիւղացիներ էին եւ բազմանդամ ընտանիքներու հայրեր:

Գագիկը 4 անչափահաս զաւակներ ունի, իսկ Արմոյի 4 զաւակներէն 2ը անչափահաս են:

«Մօտ մի տարի է, ինչ կամաւորագրուել են աշխարհագրայինի ջոկատներում, երկուսն էլ բազմազաւակ էին»,  «Ազատութեան» հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Գիշի համայնքի ղեկավար Սերոբ Աղաբեկեան` աւելցնելով, որ տղամարդիկ շրջափակուած Արցախի մէջ հիմնականօրէն կը զբաղէին գիւղատնտեսութեամբ եւ տան միակ եկամուտ ապահովողն էին: «Այս պահից յետոյ արդէն չգիտեմ` ոնց կը լինի: Հիմնական զբաղմունքը դա է, ուրիշ բան չկայ, հիմա էլ Արցախում, տեղեակ էք, աշխատանք չկայ, կամ գիւղատնտեսութիւն, կամ ծառայութիւն», ըսաւ ան:

Միւս երկու զոհերու` ժամկէտային 20ամեայ Սամուէլ Թորոսեանի եւ Երուանդ Թադեւոսեանի յուղարկաւորութիւնները տակաւին չկատարուեցան: Երկրորդ օրն է, որ Ատրպէյճան կ՛արգիլէ անոնց դիերը Հայաստան տեղափոխել: Պաքու կը պնդէ, որ տղաները Հայաստանի զինուած ուժերու ծառայողներ են: Ստեփանակերտէն, մինչդեռ, կը հերքեն այս տեղեկութիւնը:

Երէկ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը յայտնեց, որ արցախեան կողմը դիմեց ռուս խաղաղապահներուն ու Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին, սակայն ատրպէյճանական կողմին հետ բանակցութիւնները տակաւին արդիւնք չեն տուած. անոնք կը շարունակուին։

Ժամկէտայիններէն Սամուէլ Թորոսեան Ստեփանակերտի բնակիչ է. անոր հարազատներուն փափաքն է զայն թաղել «Եռաբլուր»ի մէջ, միւս զոհուած զինուորը` Երուանդ Թադեւոսեան, Քաշաթաղի նախկին բնակիչ է. անոր ծնողները պատերազմէն ետք տեղափոխուած են Հայաստան։

Արցախի պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան իր կարգին խօսեցաւ Արցախի հետզհետէ ծանրացող մարդասիրական կացութեան մասին՝ յիշեցնելով, որ արդէն երկու շաբաթէ ի վեր, Ատրպէյճան չ՛արտօներ նաեւ ուտելիքիի փոխադրութիւնը Արցախ:

Ստեփանակերտի եւ շրջաններու խանութները օրէ օր կը դատարկուին:

Այժմ, Արցախի մէջ պետութեան ամբարած սննդամթերքը եւ տեղական արտադրութիւնը կը սպառի:

«Խոշոր առումով որոշակի սննդի տեսակներ, պաշարներ ունենք եւ տեղական արտադրանք ունենք, բայց դա չի նշանակում, որ բոլոր անհրաժեշտ սննդատեսակներն ունենք, այսինքն` գնալով թերսնման մակարդակն աճելու է բաւականին մեծ տոկոսով իր բոլոր առողջապահական հետեւանքներով», յայտնեց Բեգլարեան, ըստ որուն, տակաւին ալիւրի, մսամթերքի, ձաւարեղէնի, բանջարեղէնի հարց չկայ. անոնք տեղական են, պտուղն ալ: Ձէթի եւ շաքարաւազի հարցը արդէն նկատելի է: Ըստ անոր՝ ինքնաշարժներու վառելանիւթը եւս գրեթէ սպառելու մօտ է: «Մասնաւոր տրանսպորտը (փոխադրամիջոցը) գրեթէ ընդհանրապէս չի գործում, հանրային տրանսպորտը շատ ծանրաբեռնուած է, բնականաբար դրա հետեւանքով նաեւ տնտեսութիւնն է շատ աւելի լուրջ ծանրութեան տակ, քանի որ տնտեսական գործունէութեան համար եւ մարդկանց ներքին կարիքների բաւարարման համար ներքին տրանսպորտը պէտք է քիչ թէ շատ կանոնաւոր կերպով եւ որոշակի ծաւալով գործեր, իսկ հիմա դա խիստ սահմանափակուած է», ըսաւ Բեգլարեան:

Ան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի թշնամական արարքները, շուրջ 7 ամիսներ շարունակական շրջափակումը եւ 15 Յունիսէն ամբողջական փակումը ալ աւելի կը սրեն իրավիճակը Արցախի մէջ: Իսկ Ստեփանակերտի մէջ, մարդիկ տակաւին իրենց յոյսը չեն կորսնցներ, որ Ռուսիա ու Արեւմուտքը կոչերէն անդին յստակ քայլերու կը դիմեն։

«Կարծում եմ`շատ կարճ ժամկէտում` մի քանի օրուայ մէջ, միջազգային հանրութիւնը, տուեալ դէպքում ե՛ւ Ռուսաստանը, ե՛ւ արեւմտեան բլոկը, նրանք, որոնք որեւէ պատասխանատուութիւն ունեն ստանձնած, իրենց պատասխանատուութիւնը պէտք է ամբողջութեամբ կատարեն` կոշտ ճնշում գործադրելով Ադրբեջանի հանդէպ», յայտնեց ան։

Արցախը Հայաստանին կապող Հակարիի կամուրջով ներկայ դրութեամբ ատրպէյճանցիները կը թոյլատրեն միայն Կարմիր Խաչի ինքնաշարժներու երթեւթկը: Միջազգային կազմակերպութիւնը ծանր հիւանդներ կը տեղափոխէ Երեւանի հիւանդանոցներ, Հայաստանէն ալ` դեղորայք:

Ասոր զուգահեռ, Բեգլարեան «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է, որ Եւրոպական Միութեան պաշտօնեաները պէտք է գիտակցին, թէ ի՛նչ սպառնալիք կը ներկայացնէ բռնապետական Ատրպէյճանին աջակցիլը:

Ան այս մասին գրած է՝ անդրադառնալով Եւրոպական Միութեան մէջ Ատրպէյճանի դեսպան Վակիֆ Սատիքովի կողմէ Եւրոպական խորհրդարանի անդամներուն ուղղուած ակնյայտ սպառնալիքին:

«Ադրբեջանի դեսպան Վագիֆ Սադիկովի կողմից Եւրախորհրդարանի անդամներին ակնյայտ սպառնալիքը միայն սկիզբն է: Նրան անցանկալի անձ յայտարարելը տուեալ դէպքում նուազագոյնն է, ինչ կարելի է անել», գրած ան։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/07/2023, 08:00