Որոնել

2023.08.12 Bujar Osmani OSCE Chairman

ԵԱՀԿի Նախագահը Ատրպէյճանին կոչ ուղղեց՝ բանալու Լաչինի Միջանցքը եւ միւս երթուղիները

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգեց Օսմանիին`պնդելով, որ այդ ճամբան բաց է։

ԵԱՀԿի գործող նախագահ, Հիւսիսային Մակեդոնիոյ արտաքին գործոց նախարար Պույար Օսմանի կոչ ուղղեց Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ բանալու Լաչինի միջանցքն եւ միւս երթուղիները:

«Անցեալ շաբաթ հեռաձայնային զրոյցներու ընթացքին՝ իբրեւ ԵԱՀԿի գործող նախագահ, ես խնդրեցի իմ անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքէն այցելել Լաչինի շրջանը եւ զեկուցել ինծի ներկայ իրավիճակին մասին», «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած է Օսմանի` աւելցնելով. «Կը կրկնեմ իմ կոչը` ապահովելու Լաչինի միջանցքով ազատ անցում: Զուգահեռաբար պէտք է բացուին այլ երթուղիներ: Մարդասիրական գործօնները պէտք է գերակայ ըլլան քաղաքականին նկատմամբ: Քանի դեռ քաղաքական հարցերու շուրջ երկխօսութիւնը կը շարունակուի, ԵԱՀԿը պատրաստ է ներգրաւուելու իբրեւ միջնորդ»:

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգեց Օսմանիին`պնդելով, որ այդ ճամբան բաց է։ «Պարո՛ն նախարար, ինչպէս որեւէ երկրի մէջ, այս երկրին՝ Ատրպէյճանի մէջ եւս սահմանահատումը լաւ կանոնակարգուած է, եւ «ազատ անցում» հասկացութիւն ոչ մէկ տեղ չկայ», յայտարարեց Ատրպէյճանի դիւանագիտական գերատեսչութեան խօսնակ Այխան Հաճիզատ:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/08/2023, 08:31