Որոնել

2022.12.23 Commissario UE per i diritti umani Dunja Mijatovic

Եւրոպական Խորհուրդի Մարդու Իրաւունքներու Յանձնակատարը Լեռնային Ղարաբաղ մեկնելու պատրաստակամութիւն կը յայտնէ

«Կը կրկնեմ այդ ժամանակ իմ կատարած կոչս` վերականգնելու ազատ տեղաշարժը այդ ճամբով», կը յայտարարէ Միաթովիչ իր պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

Եւրոպական խորհուրդի մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Տունիա Միաթովիչ կը շարունակէ լրջօրէն մտահոգուած մնալ «2022 թուականի դեկտեմբերէն Լաչինի միջանցքէն անցնող ճամբու փակումէն ետք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական կացութեան եւ անոր բնակչութեան մարդու իրաւունքներուն առնչուած»:

«Կը կրկնեմ այդ ժամանակ իմ կատարած կոչս`   վերականգնելու ազատ տեղաշարժը այդ ճամբով», կը յայտարարէ Միաթովիչ իր պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

«Հակառակ իմ եւ բազմաթիւ այլ միջազգային շահագրգիռ կողմերու կոչերուն, կը հաղորդուի, որ մարդասիրական եւ մարդու իրաւունքներու կացութիւնը շրջանին մէջ աւելի վատթարացած է` ազդելով յատկապէս առաւել խոցելի խաւերու վրայ` մարդոց տեղաշարժի եւ սնունդի մատակարարումներու եւ շտապ բժշկական օգնութեան հասանելիութեան երկարատեւ խափանումներու պատճառով», կ՛ընդգծէ յանձնակատարը` վկայակոչելով Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի հաղորդումները:

«Համապատասխան շահագրգիռ կողմերը պէտք է անյապաղ լուծում գտնեն` խուսափելու համար տեղի բնակչութեան դիմագրաւած շատ վտանգաւոր կացութեան հետագայ վատթարացումէն եւ երաշխաւորելու մարդասիրական օգնութիւն տրամադրողներուն եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը ապահովողներու անվտանգ եւ ազատ անցումը: Ինչպէս կը նշուի իմ 2021 թուականի յուշագիրին մէջ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի կողմէ պէտք է ջանքեր գործադրուին հաշտեցման ճամբով յառաջ շարժելու եւ բոլոր մարդոց համար կայուն խաղաղութիւն ապահովելու համար», կը յայտարարէ Տունիա Միաթովիչ եւ կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնն ու պատրաստակամութիւնը` «ներգրաւելու բոլոր համապատասխան զրուցակիցներուն հետ եւ մեկնելու Լեռնային Ղարաբաղ` օգնելու յաղթահարել մարդու իրաւունքներուն դէմ գոյութիւն ունեցող մարտահրաւէրները:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/08/2023, 08:16