Միացեալ Նահանգներու Հաւայ նահանգին մէջ մեծ հրդեհներու պատճառով զոհեր
Միացեալ Նահանգներու Հաւայի նահանգին Մաու կղզիին վրայ յառաջացած անտառային մեծ հրդեհներու պատճառով զոհերու թիւը հասած է 53-ի:
Նահանգապետ Ճոշ Կրին ըսած է, որ զոհերու վերջնական թիւը կրնայ գերազանցել 60-ը: Այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը:
Աղէտին պատճառով հեռացուած են հազարաւոր բնակիչներ:
Հաւայէն պաշտօնատարներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Մաուիի զբօսաշրջական Լահայինա քաղաքին հասած հսկայական վնասներու վերաշինութիւնը բազմաթիւ տարիներու եւ միլիառաւոր տոլարներու պիտի կարօտի:
Կառավարիչ Ճոշ Կրին յայտնեց, որ Լահայինայի մեծամասնութիւնը հրկիզուած է նահանգին պատմութեան մէջ յոռեգոյն բնական աղէտին պատճառով: Հազարաւոր մարդիկ մնացած են անտուն, եւ շուրջ 1000 շէնքեր հիմնայատակ կործանած են:
Կրին յայտնեց, որ Լահայինան տարեկան 2 միլիոն զբօսաշրջիկ կը հիւրընկալէ, ինչ որ կղզիի այցելուներուն 80 առ հարիւրն է:
Երեքշաբթի օր քաղաքէն դուրս յառաջացած հրդեհը արագօրէն տարածուած է եւ կլանած ատենօք Հաւայեան թագաւորութեան մայրաքաղաքը եղած Լահայինա քաղաքը:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ