Որոնել

FILE PHOTO: FILE PHOTO: Supporters of Niger's coup leaders take part in a rally in Niamey

Երկխօսութիւնը՝ խաղաղութեան միակ միջոց․ Նիկերի եւ Նիճերիոյ մէջ Սալեզեան միաբանութեան ներկայացուցիչ

Նիկերի մէջ օրինական իշխանութիւնը տապալած ռազմական խումբը կը շարունակէ հրաժարիլ բանակցութիւններէ։ Այսօր՝ 10 Օգոստոսին Ապուճայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Արեւմտեան Ափրիկէի երկիրներու գագաթնաժողովը՝ քննարկելու ստեղծուած ճգնաժամը։ Իրավիճակէն մտահոգուած՝ ողջ Արեւմտեան Ափրիկէի եպիսկոպոսները վճռական կերպով դէմ արտայայտուած են ուժի կիրառմանը։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Այսօր՝ 10 Օգոստոսին ECOWASի երկիրները պիտի հանդիպին ՆիՃերիոյ մայրաքաղաք Ապուճայի մէջ՝ որոշելու, թէ ինչպէս շարունակել դիմակայել քաղաքական ճգնաժամին:

Նշենք, որ նախօրէին ECOWASը՝ Արևմտեան Ափրիկէի պետութիւններու տնտեսական համայնքը (Economic community of West African States) յայտարարած է, որ նկատի պիտի առնէ «սահմանադրական կարգը վերականգնելու համար անհրաժեշտ բոլոր միջոցները»։

Նիկերի մէջ ռազմական յեղաշրջումի կազմակերպիչները կը շարունակեն անտարբերութիւն ցուցաբերել Երկիրի մէջ օրինական իշխանութիւնը վերահաստատելու ցանկացած դիւանագիտական ​​փորձի հանդէպ: Միջազգային հանրութեան մեծ մասը ճգնաժամը լուծելու լաւագոյն տարբերակը դիւանագիտութիւնը կը նկատէ, չնայած, որ ECOWASը վերջնագիր ներկայացուցած է՝ սպառնալով ռազմական միջամտութեամբ վերականգնել 26 Յուլիսին նախագահ Մուհամետ Պազումի տապալուած  իշխանութիւնը։

Այդ ընթացքին հարեւան Նիճերիան նոր պատժամիջոցներ սահմանած է յեղաշրջման կազմակերպիչներու նկատմամբ եւ չէ բացառած ռազմական միջամտութիւնը։

Եկեղեցւոյ մտահոգութիւնը եւ կոչը՝ խաղաղութեան հասնիլ երկխօսութեան ուղիով

Ափրիկէի Սահելի տարածաշրջանի մէջ լարուածութեան ընդլայնման միտումով չափազանց մտահոգուած է Ափրիկէի Եկեղեցին։  Արեւմտեան Ափրիկէի եպիսկոպոսները վճռական կերպով դէմ արտայայտուած են ուժի կիրառման՝ բարձրաձայնելով, որ վտանգ կայ, որ Երկիրը կարող է դառնալ «երկրորդ Լիպիա»։

Նիկերի եւ Նիճերիոյ մէջ Սալեզեան միաբանութեան ներկայացուցիչ Հայր Եորկէ Քրուսաֆուլլին՝, որ առաւել  քան 30 տարի կ’աշխատի Ափրիկէի մէջ, Վատիկան նիուզին վկայած է թէ․ «Այս պահուն իրավիճակը շատ նուրբ է, նպատակ ունէինք սեպտեմբերին նոր առաքելութիւն հիմնել Նիկերի մէջ, բայց այժմ այդ մէկը անհնար դարձած է: Եթէ ​​Նիճերիան ռազմականօրէն միջամտէ, հնարաւոր է, որ հակամարտութիւնը տարածուի ողջ տարածաշրջանին մէջ՝ ամբողջ աշխարհի համար լուրջ հետևանքներով, ուստի միակ լուծումը երկխօսութիւնն է եւ խաղաղութեան որոնումը», հաստատած է ան:

Համատեղ ջանքերով խուսափիլ ափրիկեցիներու միջեւ եղբայրասպան պատերազմէն

Հայր Քրուսաֆուլլին, ապա բացատրած է, որ  Սահելի մէջ պատերազմի այդ կրակը կը բորբոքուի նաեւ արտաքին ուժերու կողմէ․ «Եւրոպան, Միացեալ Նահանգները, Չինաստանը եւ Ռուսաստանը միայն տնտեսական եւ աշխարհաքաղաքական շահեր ունին, անոնց չեն հետաքրքրեր մարդիկը», շեշտած է ան եւ նշած թէ իր կարծիքովը «կը ձգտին տիրել բնական միջոցներուն, մասնաւորապէս՝ ուրանիումին»։

Հետեւաբար կրօնաւորը յորդորած է «յարգել Ափրիկէն, անոր աւանդոյթներն ու հաստատութիւնները, եւ հեռու մնալ մշակութային և տնտեսական վնասակար գաղութատիրութենէն»: Ան խնդրած է ի վերջոյ հնարաւոր բոլոր ջանքերը գործադրել խուսափելու ափրիկեցիներու միջեւ եղբայրասպան պատերազմէն․ «դա աղէտ կը բերէ, բոլորս միասին պէտք է խաղաղութիւն կառուցենք զինուորներու, քաղաքական գործիչներու, կրօնական առաջնորդներու եւ ցեղային խումբերու հետ։ Սալեզեաններն իրենց դպրոցներով կարող են միջնորդի եւ խաղաղարարի դեր ունենալ, կրթութիւն ստացած մարդկանց հնարաւոր չէ խարդախումներու ենթարկիլ»։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/08/2023, 12:12