Որոնել

AZERBAIJAN ARMENIA NAGORNO KARABAKH CONFLICT

Հոգեւոր Պետերու եւ Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու խորհրդակցութիւն Արցախի զօրակցութեան օրակարգով

Ժողովը նախատեսուած է վաղը` Չորեքշաբթի, 6 Սեպտեմբեր 2023-ին
Ունկնդրէ լուրը

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Կաթողիկոսին հրաւէրով, մասնակցութեամբ հայ հոգեւոր պետերու եւ երեք հայ քաղաքական կուսակցութիւններու բարձրագոյն մարմիններու ներկայացուցիչներուն, վաղը՝ Չորեքշաբթի, 6 Սեպտեմբեր 2023-ին, տեղի պիտի ունենայ խորհրդակցական յատուկ նիստ, միակ օրակարգ ունենալով Արցախի ժողովուրդին զօրակցելու հրամայականը։

Նիստին պիտի մասնակցին Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ․Տ ․Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տէրը, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ Վեր. Փօլ Հայտոսթեան, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու բարձրագոյն մարմիններու ներկայացուցիչները՝ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան (Հ.Յ.Դ.), տոքթ. Աւետիս Տագէսեան (Ռ.Ա.Կ.) եւ տոքթ․Վազգէն Համալեան (Ս.Դ.Հ.Կ.), Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համաատենապետները՝ Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ Գրիգոր Մահսէրէճեան եւ Կաթողիկոսութեան համահայկական խորհրդաժողովները համակարգող Տիար Շահան Գանտահարեան։

Աղբիւրը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/09/2023, 11:31