Որոնել

>>>ANSA/ TRA GLI SFOLLATI DELLA STRISCIA, ESODO DA GAZA CITY

Ամբողջ տարածաշրջանը անդունդն իյնալու եզրին է. ո՛չ Յորդանանը , ո՛չ Եգիպտոսը կ'ընդունի պաղեստինցի փախստականները. Յորդանանի թագաւոր

Յորդանանի թագաւոր Ապտալլա 2-րդը զգուշացուցած է, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ սարսափելի իրավիճակ պիտի ստեղծուի, եթէ Իսրայէլի եւ ՀԱՄԱՍ-ի միջեւ հակամարտութիւնը տարածուի այլ երկիրներու մէջ:

Յորդանանի թագաւոր Ապտալլա Երկրորդը յայտարարած է, որ ո՛չ իր երկիրը, ո՛չ ալ Եգիպտոսը կ'ընդունին պաղեստինցի փախստականները՝ այդ համարելով «կարմիր գիծ»։ Այս մասին յայտնած է timesofisrael.com-ը:

Ան ընդգծած է, որ մարդասիրական իրավիճակը պէտք է լուծուի Կազայի եւ Յորդանան գետի Արեւմտեան ափի մէջ եւ ոչ այդ սահմաններէն դուրս:

«Յորդանանի մէջ փախստականներ պիտի չըլլան եւ Եգիպտոսի մէջ փախստականներ պիտի չըլլան», - յստակ յայտարարած է թագաւորը:

Յորդանանի թագաւոր Ապտալլա 2-րդը զգուշացուցած է, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ սարսափելի իրավիճակ պիտի ստեղծուի, եթէ Իսրայէլի եւ ՀԱՄԱՍ-ի միջեւ հակամարտութիւնը տարածուի այլ երկիրներու մէջ:

«Ամբողջ տարածաշրջանը անդունդն իյնելու եզրին է», -ըսած է Ապտալլա Պերլինի մէջ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ հանդիպումէն ետք:

«Բոլորի ջանքերն անհրաժեշտ են, որ համոզուինք, որ անդունդի մէջ չենք յայտնուիր», -ըսած է ան:

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/10/2023, 13:19