Հրանդ Տինքը սպաննած Էօկիւն Սամասթը «Լաւ վարքի համար» ազատ արձակուած է
Էօկիւն Սամասթ սպանութեան ժամանակ 17 տարեկան էր: Ան ձերբակալուած էր սպանութեան յաջորդ օրը` 20 յունուար 2007-ին, Սամսունի օդակայանին մէջ:
2007 թուականի 19 յունուարին զինեալ յարձակում կատարելով «Ակօս» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքը սպաննած Էօկիւն Սամասթ բանտէն ազատ արձակուած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ն:
Էօկիւն Սամասթ սպանութեան ժամանակ 17 տարեկան էր: Ան ձերբակալուած էր սպանութեան յաջորդ օրը` 20 յունուար 2007-ին, Սամսունի օդակայանին մէջ:
Կը նշուի, որ Սամասթ ազատ արձակուած է «լաւ վարքի համար»:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
17/11/2023, 08:00