Լեմքինի Հիմնարկ. «Յառաջիկայ օրերուն եւ շաբաթներուն Հայաստան ներխուժման վտանգ կայ»
Լեմքինի Ցեղասպանութեան կանխարգիլման հիմնարկը կարմիր` բարձրագոյն նախազգուշացումը յայտարարած է Ազրպէյճանի համար, որովհետեւ յառաջիկայ օրերուն եւ շաբաթներուն այդ երկրին կողմէ Հայաստան ներխուժման անհանգստացնող հաւանականութիւն կը տեսնէ:
«Ազրպէյճանը շատոնց կը տենչայ Հայաստանի հարաւային Սիւնիքի մարզը, որ ոչ վաղ անցեալին կը քննարկուէր իբրեւ վայր, ուրկէ պիտի անցնի Ազրպէյճանի կողմէ վերահսկուող «Զանգեզուրի միջանցք»-ը դէպի Նախիջեւան:
«Հաշուի առնելով շրջանին մէջ տեղի ունեցող վերջին քաղաքական զարգացումները, ներառեալ 19 սեպտեմբեր 2023-ին ազրպէյճանական ներխուժումը Արցախ եւ ատոր յաջորդած տարածքի բռնագրաւումը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի մէջ տարածուած հիւանդական ցեղասպանական հայատեացութիւնը, մեծ վտանգ կայ, որ Ազրպէյճանի ներխուժումը կրնայ վերածուիլ ցեղասպանութեան:
«Աշխարհին կը յիշեցնենք, որ ցեղասպանութիւնը միայն զանգուածային սպանութիւններու միջոցով չ՛արտայայտուիր, ինչպէս եղաւ 2023 թուականի սեպտեմբերին Արցախի/Լեռնային Ղարաբաղի վերջին բռնագրաւման ժամանակ: Ցեղասպանութիւնը կրնայ արտայայտուիլ նաեւ կոտորածի, վայրագութեան եւ բնիկ տարածքներէն բռնի տեղահանման միջոցով, երբ այդ գործողութիւններուն հիմքը եղող գաղափարախօսութիւնը ուղղուած է ինքնութեամբ ամբողջական կամ մասնակի ոչնչացման:
«Թէեւ Ազրպէյճանի պաշտօնեաները վերջերս իրենք զիրենք հեռու կը պահեն Սիւնիքով անցնող «Զանգեզուրի միջանցք»-ի ծրագիրէն, բայց եւ այնպէս, անհանգստանալու քանի մը պատճառ կայ: Արցախի հայկական տարածքին դէմ Ազրպէյճանի յարձակողական պատերազմէն ետք, որ յանգեցուցած է հայ խաղաղ բնակիչներու դաժան սպանութիւններուն եւ գրեթէ ամբողջ հայ բնակչութեան բռնի տեղահանման, Ազրպէյճանը հրապարակային կերպով իր հայեացքը ուղղած է Հայաստանի ամէնէն հարաւային Սիւնիքի մարզին, որ ան կը նկատէ իր սեփական տարածքը` զայն կոչելով «Արեւմտեան Ազրպէյճան»…
«Ամէնէն սարսափելին այն է, որ Ազրպէյճանը սկսած է զինուորական ուժեր կուտակել Հայաստանի հետ սահմաններու երկայնքին, ներառեալ Նախիջեւանի ներերկիրի մէջ, (որ սահմանակից է Թուրքիոյ): Անցեալ շաբաթ Ազրպէյճանը նաեւ Թուրքիոյ հետ միացեալ ռազմափորձերու շարք մը կատարած է, ինչպէս ըրած էր 2020 թուականի սեպտեմբերին Արցախ/Լեռնային Ղարաբաղ ներխուժելէ քանի մը շաբաթ առաջ: Վտանգի այս կարմիր նախազգուշացումները կը յուշեն, որ Ազրպէյճանը պատրաստուելով հաւանական ներխուժման, միեւնոյն ժամանակ կը փորձէ ահաբեկել Հայաստանը, որպէսզի վերջինս զիջի տարածքներ եւ միջազգային իրաւունքները` այդպիսով փորձելով խուսափիլ ներխուժումէն», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ