Որոնել

2019.04.26 violenza domestica, sopruso, abuso in famiglia

Կանանց նկատմամբ բռնութիւններու վերացման միջազգային օր

Ըստ ԵՈՒՆԻՍԷՖի հրատարակած տեղեկութիւններուն աշխարհի վրայ երիտասարդ իւրաքանչիւր հինգ աղջիկներէն մէկը ենթարկուած է բռնութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Նոյեմբերի 25-ին կը յիշատակուի Կանանց նկատմամբ բռնութեան վերացման միջազգային օրը, որ հաստատուած է ՄԱԿ-ի կողմէ 2000 թուականին։

Ամսաթիւը ընտրուած է ի յիշատակ Միրապալ քոյրերուն` չորս տոմինիքեան քոյրեր, որոնք քաջաբար ընդդիմացան Ռաֆայել Լեոնիտաս Թրուխիլլոյի բռնապետութեան եւ անոնցմէ երեքը սպաննուեցան 1960 թուականի նոյեմբերի 25-ին իրենց այլախոհութեան պատճառաւ։ Վերջին քոյրը՝ Պելճիքա Ատելան մահացաւ բնական մահով 2014 թուականին։

ՄԱԿ-ի որդեգրած այս որոշումով հրաւէր կ՛ուղղուի այդ օրը կազմակերպելու միջոցառումներ հասարակութեան ուշադրութիւնը հրաւիրելու` կանանց նկատմամբ բռնութեան խնդիրի վրայ։

Թէև բազմաթիւ երկիրներու մէջ կանանց դէմ բռնութիւնը արգելող օրէնքներ հաստատուած են բայց եւ այնպէս տուեալներու համաձայն, կանանց 35 տոկոսը եւ որոշ երկիրներու մէջ 70 տոկոսը կ՛ենթարկուին բռնութեան:

Կանանց նկատմամբ բռնութիւնները կանխելու եղանակներու վերաբերեալ բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ կատարուած են, և մասնագէտներու կողմէ առաջարկուած բազմաթիւ  մեթոդներ` որոնցմէ ամենակարեւորը կրթութիւնն է։

Կրթութիւն, որուն մասին անդրադարձաւ նաեւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը` նշելով որ «անհրաժեշտ է համաձայնուած ու միասնական մեծ աշխատանք բոլոր կրթական կառոյցներու կողմէ՝ առանց հակասական պատգամներու», հարկաւոր է կրթել տղամարդիկը «առողջ յարաբերութիւններ զարգացնելու համար», պէտք է պնդենք ու առաջնահերթութիւն տանք կրթութեան «յաղթահարելու մտածելակերպը, որ կարող է հանգեցնել ողբերգական արարքներու և հաստատել յարգանքի մշակոյթ մը» ըսաւ ի միջի այլոց Ծիրանաւորը:

Ըստ ԵՈՒՆԻՍԷՖի հրատարակած տեղեկութիւններուն աշխարհիս վրայ երիտասարդ իւրաքանչիւր հինգ աղջիկներէն մէկը ենթարկուած է բռնութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/11/2023, 09:26