Որոնել

United Nations Secretary-General Antonio Guterres speaks at the United Nations Headquarters in New York

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը կոչ ըրած է 1,2 միլիառ տոլար հանգանակել Կազայի հատուածի մարդասիրական օգնութեան համար

Հակամարտութեան կողմերը, եւ, ըստ էութեան, միջազգային հանրութիւնը, անմիջական եւ հիմնարար պատասխանատւութիւն կը կրեն վերջ դնելու անմարդկային հաւաքական տառապանքներուն եւ կտրուկ ընդլայնելու մարդասիրական օգնութիւնը Կազային»,-ըսած է Կութերեշ։

Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշը ճեպազրոյցին յայտարարած է, որ սաստիկ անհրաժեշտութիւն հասունցած է կտրուկ աւելցնելու օգնութեան հոսքը Կազայի հատուած, որ կանգնած է մարդասիրական աղէտի առաջ։

Ան կոչ ըրած է 1,2 միլիառ տոլար հանգանակելու այդ նպատակով։ Այդ մասին յայտնած է «Ինթըրֆաքս» գործակալութիւնը:

«Այսօր Միաւորուած ազգերու կազմակերպութիւնը եւ մեր գործընկերները 1,2 միլիառ տոլար գումարի մարդասիրական կոչ կը յայտարարենք՝ օգնելու համար 2,7 միլիոն մարդու. այդ Կազայի հատուածի ամբողջ բնակչութիւնն է եւ կէս միլիոն պաղեստինցիներն Արեւմտեան ափին՝ ներառեալ Արեւելեան Երուսաղէմը։

Հակամարտութեան կողմերը, եւ, ըստ էութեան, միջազգային հանրութիւնը, անմիջական եւ հիմնարար պատասխանատւութիւն կը կրեն  վերջ դնելու անմարդկային հաւաքական տառապանքներուն եւ կտրուկ ընդլայնելու մարդասիրական օգնութիւնը Կազային»,-ըսած է Կութերեշ։

Անոր խօսքով` որոշ կենսականօրէն անհրաժեշտ օգնութիւն Կազան կը ստանայ Եգիպտոսի «Ռաֆահ» հսկիչ անցակէտով:

«Բայց օգնութեան առուակը բաւարար չէ կարիքներու ովկիանոսին», - նշած է ան։

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/11/2023, 08:36