Որոնել

2023.11.13 bambini rosa bianca

Փոքրիկն Ինտի Կրէկորէին սրտին զարկը դադրեցաւ

Փոքրիկն ԻՆտիին պատմութիւնը յուզեց բազմաթիւ անձինք, որոնց շարքին նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը, որ անցեալ շաբաթ օր «միացաւ փոքրիկն Ինտի Կրէկորիի ընտանիքին, անոր հօր ու մօր, ու աղօթեց անոնց եւ անոր համար»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 13 նոյեմբերի առաւօտեան կանուխ ժամը 1:45 ին դադրեցաւ ութը ամսեայ փոքրիկն Ինտի Կրէկորէի սրտին զարկը։ Լուրը հաղորդեց անոր հայրը Տին Կրէկորին, աւելցնելով «Իմ դուստրը մահացաւ, իմ կեանքս վերջացաւ...ես ու կինս զայրացած ենք, տխուր ու ամօթով լի...ազգային առողջապահական ծառայութիւնն ու դատարանները ոչ միայն անորմէ խլեցին ապրելու կարելիութիւնը այլ նաեւ իր տան մէջ մեռնելու արժանապատուինը։ Անոնք կարողացան խլել Ինտիին մարմինն ու արժանապատուութիւնը բայց պիտի չի կարենան երբեք խլել անոր հոգին», ըսաւ միխտ Տն Կրէկորին։

Փոքրիկն ԻՆտիին պատմութիւնը յուզեց բազմաթիւ անձինք, որոնց շարքին նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը, որ անցեալ շաբաթ օր «միացաւ փոքրիկն Ինտի Կրէկորիի ընտանիքին, անոր հօր ու մօր, ու աղօթեց անոնց եւ անոր համար», ինչպէս յայտնեց Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը` Տիար Մաթթէօ Պրունին աւելցնելով, որ Քահանայապետը «միտքը կը յղէ բոլոր այն երեխաներուն, որոնք այս նոյն պահուն ողջ աշխարհի մէջ կ՛ապրին ցաւով կամ վտանգուած է անոնց կեանքը, հիւանդութեան և պատերազմի պատճառաւ»:

Ինտի Կրէկորին ութ ամսեայ անգլիացի փոքրիկ աղջիկ մըն էր, որ կը տառապէր միտոքոնդրիալ հազուագիւտ հիւանդութենէ մը, զոր բժիշկները համարած էին անբուժելի, եւ որուն Լոնտոնի Գերագոյն Ատեանը վերջերս մերժած էր Իտալիա տեղափոխելու հնարաւորութիւնը, բուժում ստանալու համար, մասնաւորապէս, «Bambino Gesù» մանկական հիւանդանոցին մէջ, որ հետեւելով ծնողներու ցանկութեան տրամադրութիւն յայտնած էր այդ ուղղութեամբ։

Անգլիացի դատաւորներու Ինտիի ծնողաց ներկայացուցած բողոքի մերժումէն ետքը փոքրիկ Ինտին զրկուեցաւ Նոթինկհամի Queen’s Medical Centre բժշկական կենտրոնի կենդանի պահող կենսաապահովական գործիքներէն եւ տեղափոխուեցաւ անբուժելի հիւանդներու դարմանատուն ուր նաեւ կնքեց իր մահկանացուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/11/2023, 07:20