Հրանդ Տինքը սպաննողին դէմ նոր մեղադրանք
Նոր մեղադրանք առաջադրուած է պոլսահայ մտաւորական, լրագրող, «Ակօս» թերթի հիմնադիր եւ գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան համար դատապարտուած Էօկիւն Սամասթին, որ օրեր առաջ վաղաժամկէտ ազատ արձակուած էր։ Այս մասին կը տեղեկանանք «Անատոլու» գործակալութենէն։
Սամասթը այժմ կը մեղադրուի «ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամ չըլլալով՝ ահաբեկչական կազմակերպութեան յանձնարարութեամբ» սպանութիւն իրականացնելու մէջ։
Աղբիւրի հաղորդմամբ՝ մեղադրական եզրակացութեան մէջ նշուած է, որ զինուած ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամ ըլլալու վերաբերեալ յստակ ապացոյցներ չեն գտնուած, փոխարէնը որոշ ապացոյցներ ցոյց կու տան, որ ան որոշակի կապ ունեցած է կազմակերպութեան ղեկավարներու եւ անդամներու հետ թէ՛ Տինքի սպանութեան ժամանակ, թէ՛ անկէ ետք։
Էօկիւն Սամասթին կը սպառնայ 7 ու կէսէն մինչեւ 12 տարուան ազատազրկում։
Յիշեցնենք, որ 2007 թուականի 19 յունուարին զինեալ յարձակում կատարելով «Ակօս» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքը սպաննած Էօկիւն Սամասթ բանտէն ազատ արձակուած է:
Էօկիւն Սամասթ սպանութեան ժամանակ 17 տարեկան էր: Ան ձերբակալուած էր սպանութեան յաջորդ օրը` 20 յունուար 2007-ին, Սամսունի օդակայանին մէջ:
Կը նշուի, որ Սամասթ ազատ արձակուած է «լաւ վարքի համար»:
Աղբիւրը` Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ