Որոնել

ՄԱԿ-ի միջազգային դատարանը ՄԱԿ-ի միջազգային դատարանը 

ՄԱԿ-ի միջազգային դատարանը եկող շաբաթ պիտի ներկայացնէ Հայաստանը ընդդէմ Ազրպէյճանի գործով վճիռը

16 սեպտեմբեր 2021-ին Հայաստանը հայց ներկայացուցած էր` դատ բանալով Ազրպէյճանի դէմ` ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին միջազգային ուխտի ենթադրեալ խախտումներու առնչութեամբ:

ՄԱԿ-ի Միջազգային դատարանը 17 նոյեմբերին պիտի հրապարակէ ժամանակաւոր միջոցներու վերաբերեալ միջնորդութեան մասին իր որոշումը Հայաստանի (28 սեպտեմբերին) ներկայացուցած հայցով: Այս կը վերաբերի ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին միջազգային ուխտի (Հայաստանն ընդդէմ Ազրպէյճանի) կիրարկման:

Կառոյցի մամլոյ ծառայութիւնը կը յիշեցնէ, որ 16 սեպտեմբեր 2021-ին Հայաստանը հայց ներկայացուցած էր` դատ բանալով Ազրպէյճանի դէմ` ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին միջազգային ուխտի ենթադրեալ խախտումներու առնչութեամբ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/11/2023, 08:00